«Առաջին Անգամ Կու Գամ Հայաստան, Բայց Կը Զգամ Ինչպէս Իմ Տան Մէջ. «Արի Տուն-2017» Ծրագիրի Պոլսահայ Մասնակից

«Արի տուն-2017» ծրագիրի 2-րդ փուլին կը մասնակցէր պոլսահայ 18-ամեայ Լիանա Չաքըրը, որ Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը պատմէ իր տպաւորութիւններուն մասին.

– Շատ յուզուած եմ, որ այս ամէնը աւարտեցաւ, կ’ուզէի ամէն ինչ հէնց այսպէս մնար: Շատ գեղեցիկ օրեր անցուցինք, շատ բաներ սորվեցայ: Երբ կու գայի մասնակցելու ծրագիրին, կը վախնայի, որ կը դժուարանամ արեւելահայերէնով խօսելու, բայց այստեղ ընկերներուս հետ շփուելու համար նոյնիսկ քիչ մը ռուսերէն սորվեցայ: Կը վախնայի, որ պիտի չի յաջողէի հայկական պարերը պարելու  բայց պարզուեցաւ, որ այդքան ալ դժուար չեն, եւ աւելի գեղեցիկ են, երբ հէնց ինքդ կը պարես:

Առաջին անգամ կու գամ Հայաստան, բայց կը զգամ ինչպէս իմ տան մէջ, կարծես թէ հէնց այստեղ ծնած եմ: Թուրքիոյ մէջ կը յաճախէի Կեդրոնական վարժարան եւ Հայաստան գալէ  քանի մը օր առաջ աւարտեցի ուսումս այնտեղ: Հէնց վարժարանին մէջ  լսած եմ ծրագիրին մասին, որոշեցի այս տարի մասնակցիլ, որպէսզի համալսարանի քննութիւններս յաձնելէ յետոյ` հանգիստ սրտով վայելեմ հայրենիքս:

Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին ամենատպաւորիչ պահը մեր այցն էր Ծիծեռնակաբերդ: Թուրքիոյ մէջ մենք չենք կրնար այսպէս բարձրաձայնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քաղաքի կեդրոնին մէջ երբեմն կ´ըլլայ քայլերթ, սակայն շատ փոքր, այդ իսկ պատճառով Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշահամալիր այցելելը  մեծ տպաւորութիւն գործեց վրաս:

Երբեք չեմ մոռնար ընկերներս: Իրար հետ ընդամէնը 10 օր անցուցինք, բայց կարծես արդէն 10 տարի կը ճանչանք զիրար:

Ճուլիետա Սահակեան

ԵՊՀ ռոմանագերմանական բանասիրութեան բաժանմունքի 4-րդ կարգի ուսանողուհի

Scroll Up