«Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցները Հիւրընկալուեցան Դաւթաշէն Վարչական Շրջանին ՄԷջ
Յուլիս 11-ին Դաւթաշէն վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմի «Արի տուն» ծրագիրի պատասխանատուները հիւրընկալեցին Դաւթաշէն բնակող ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի մասնակիցներուն, որոնք ժամանած էին Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքէն եւ Ռուսաստանի մայրաքաղաք Մոսկուայէն:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմէն, սփիւռքահայ պատանիներն իրենց տպաւորութիւններով կիսուեցան աշխատակազմին հետ եւ գոհունակութիւն յայտնեցին ջերմ ու բարի վերաբերմունքի համար: