Առանց Ճանչնալու Հայրենիքը, Չես Կրնար Սիրել Զայն. «Արի Տուն-2017»

Յուլիս 1-ին աւարտեցաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի առաջին փուլը, որ մեկնարկած  էր յուլիս 18-ին: Հերթական անգամ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր դռները բացաւ աշխարհի ինը երկրէ (Վրաստան, Ռուսաստան, Ուքրանիա, Ղազախստան, Ղրղըզստան, Գանատա, Սուրիա, Ֆրանսա, Յորդանան) ժամանած ափիւռքահայ պատանիներու ու աղջիկներու առջեւ:

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ  «Արի տուն» ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Մասնակիցներուն շնորհաւորեց Սփիւռքի նախարար, յարգարժան Հրանոյշ Յակոբեան: Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Գրասնոտարի երկրամասի Ռուսաստանի հայերու միութեան կրթութեան պատասխանատու Կարինէ Եսայեանը, որ հրաւիրուած  էր դասաւանդելու հայերէնի ուսուցման խումբերուն մէջ, ինչպէս նաեւ շրջագայելու երեխաներուն հետ:

Կարինէ Եսայեան ժամանած էր քսան հոգիէ բաղկացած երկրամասային խումբով, որոնք տարբեր հայկական դպրոցներու եւ օժանդակ ուսուցման խումբերու շնորհալի սաներ  էին: Անոնք հանդէս եկան երգով, պարով եւ ասմունքով:

Ին օր շարունակ` սիրով եւ համերաշխ կը շրջագայէին տարբեր տարիքի եւ նախասիրութիւններու երիտասարդներ, որոնց միաւորած էր հայրենիքի սէրն ու կարօտը:

Անոնք տեսան Հայաստանի չքնաղ բնաշխարհը, եղան հարիւրամեակներու պատմութիւն ունեցող վանքերու եւ եկեղեցիներու մէջ, հիացան Արարատով եւ Սեւանայ լիճով: Այցելեցին թանգարաններ եւ ծանօթացան հազարամեակներու ճանապարհ անցած հայկական պատմութեան ու մշակոյթին, մոմեր վառեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, յարգանքի տուրք մատուցեցին եւ ծաղիկներ տեղադրեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին, գլուխ խոնարհեցին  Եռաբլուրի մէջ հանգչող հայոց ազատագրական պայքարի տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներու շիրիմներուն առջեւ, երգեցին զօրավար Անդրանիկին նուիրուած երգեր` ազգային հերոսի շիրիմին մօտ: Կարելի է երկար թուարկել այն վայրերուն մասին, ուր անոնց այցելեցին: Այնքան մեծ էր մասնակիցներուն հիացմունքը, որ յոգնածութիւն բոլորովին չէին զգար:

«Չեմ ուզեր քնանալ,  կ’ուզեմ վայելել հայրենիքիս օդը, – կ’ըսէր Գրասնոտարէն ժամանած 14-ամեայ Լորետտա Մարկարովան եւ կ’աւելցնէ,- եւ ինչու՞ ես այստեղ չեմ ծնած»:

Երեխաները սիրով կը մասնակցէին նաեւ հայոց լեզուի դասընթացներուն:  Հմուտ եւ տաղանդաւոր ուսուցիչներու շնորհիւ պարապմունքները կ’անցնէին հետաքրքիր  եւ բովանդակալից:

«Ես շատ սիրեցի  այս ծրագիրը, նա մանաւանդ հայոց լեզուի դասընթացները, ուր տեղեկութիւններ ստացանք ոչ միայն հայոց լեզուի, այլեւ  հայկական մշակոյթի, սովորոյթներու եւ պատմութեան վերաբերեալ: Դասաւանդող ուսուցիչ Կարինէ Եսայեանի եւ անոր «Հանրագիտակ այբբենարան» դասագիրքին շնորհիւ` դասերն անցան շատ յագեցուած եւ հետաքրքիր» – ըսաւ Ղազախստանի պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսանդր Կարապետեան, որ արիտունցիներուն հետ միասին կը յաճախէր հայոց լեզուի դասընթացներուն:

Շրջագայութիւններուն յաջորդեցին Ճամբարային օրերը, որոնք անցան շատ հետաքրքիր եւ բազմաբովանդակ` շնորհիւ  պարուսոյց Սիւզաննա Գրիգորեանի, երգի ուսուցչուհի Մերի Վիրաբեանի, հայոց լեզուի ուսուցիչներ Վալեայ Ստեփանեանի, Անի Գրիգորեանի, Լաուրա Աւետիսեանի, ճամբարի պետ Էդիկ Գուլեանի եւ հրաշալի ջոկատավարներու: Եւ՛ շրջագայութիւնները, եւ՛ ճամբարային օրերը կ’անցնէին հմուտ ղեկավար Գագիկ Լալայեանի ղեկավարութեամբ:

Ահա մասնակիցներու տպաւորութիւնները.

Դիմիտրի Մարգարեան (Գրասնոտար, 15տ.).  «Որեւէ ազգ աւելի յամառութեամբ չէ պահպանած եւ աւելի խնամքով չէ մշակած իր սեփական լեզուն, քան հայ ազգը: Հպարտ եմ, որ հայ եմ, որ «եան» եմ, Մարգարեան եմ, որ Սփիւռքէն եկած իմ ընկերներուս հետ կը խօսիմ հայերէն»:

Կարինա Եսայեան (Գրասնոտար, 13 տ.). « Առաջին անգամ կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին: Հիացած եմ Հայաստանի բնաշխարհով եւ ճարտարապետական կոթողներով: Ես շատ սիրեցի իմ հայրենիքս` Հայաստանը: Կը խոստանամ վերադառնալ`  սորվիլ եւ ապրիլ Հայաստանի մէջ:

14-ամեայ Արփինէ Բակունցը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին «Արի տուն» հրաշալի ծրագիրին համար եւ կրկին մասնակցելու թոյլատրութիւն խնդրեց:

Առանց հայրենիքը ճանչնալու` չես կրնար սիրել զայն: Այս ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ  Սփիւռքի պատանիներուն եւ աղջիկներուն ճանչնալու իրենց հայրենիքը, հիանալու անով եւ ինչու ոչ, վերադառնալ եւ ապրիլ հայրենիքի մէջ:

Յարգարժան նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. շատ շնորհակալ ենք մեր երեխաներուն այսպիսի հնարաւորութիւն ընձեռելու համար: Վերադառնալով հայրենիքէն` անոնք կը փայփայեն Հայաստան վերադառնալու եւ այնտեղ ապրելու գաղափարը: Շնորհակալ ենք նախարարութեան ողջ անձնակազմին, որոնք ներդրում ունեցած են ծրագիրի իրագործման համար:

Գրասնոտարի երկրամասի Ռուսաստանի հայերու միութիւն

 

Scroll Up