Իրանը Հայ 15 Ուսանողի Կրթաթոշակ Տրամադրած է` Իրենց Երկրին Մէջ Ուսանելու Համար

Իրանը հայաստանցի 5 դասախօսի եւ 15 ուսանողի կրթաթոշակ տրամադրած է` բնական գիտութիւններու ուղղութեամբ Իրանի մէջ աշխատելու եւ ուսանելու համար:

Այս մասին, այսօր ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մօտ յայտնեց ԻԻՀ գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ ճարտարագիտութիւններու նախարար Մոհամմատ Ֆարհատին` երկու երկիրներու կրթութեան նախարարներուն միջեւ փոխմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն յետոյ:

«Այս յուշագիրին ստորագրումով աւելի պիտի ամրացնենք ու խորացնենք մեր համագործակցութիւնը: Բացի դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխանակումէն՝ նաեւ փորձի փոխանակում պիտի իրականացնենք: Պիտի յատկացնենք կրթաթոշակներ կարճաժամկէտ եւ երկարաժակէտ հատուածներու մէջ: Համալսարաններէն բացի պիտի համագործակցին նաեւ ճարտարագիտական բաժինով»,- նշած է Մոհամմատ Ֆարհատին:

ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեան, իր հերթին, ընդգծած է, որ մեր դռները եւ հնարաւորութիւնները եւս բաց են իրանցի ուսանողներու եւ դասախօսներու համար. «Նման բազմաոլորտ պատուիրակութեան այցը պիտի նպաստէ մեր երկիրներու համագործակցութեան գիտութեան ոլորտին մէջ: Տպաւորիչ է գիտութեան բնագաւառին մէջ Իրանի ունեցած արդիւնքները, շարք մը ուղղութիւններով անիկա համաշխարհային առաջատարներէն է: Մենք ունինք համագործակցութեան շատ մեծ դաշտ»:

Յուշագիրով կողմերը պիտի խթանեն գիտական կազմակերպութիւններու, համալսարաններու եւ հետազօտական հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի ամրապնդեն երկու պետութիւններու գիտական համայնքներուն միջեւ կապերը:

Կողմերը, մասնաւորապէս, պիտի համակարգեն համատեղ հետազօտական նախագիծերու երկկողմ ֆինանսաւորումը երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ`  բնագիտութիւն, կենսաբանութիւն, քիմիագիտութիւն, ջրային գիտութիւններ, ճարտարագիտութիւն, բարձր արտադրողականութեան համակարգչային հաշուարկներ:

Պիտի ստեղծուի նաեւ գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ ճարտարագիտութիւններու համատեղ կոմիտէ:

Scroll Up