Դեսպան Մկրտչեանի Եւ Լիբանանի Պիպլոս (Ճպէյլ) Քաղաքի Քաղաքապետի Հանդիպումը
Յուլիս 5-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդիպեցաւ Լիբանանի Պիպլոս (Ճպէյլ) քաղաքի քաղաքապետ Զիյատ Հաւատին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Պիպլոսի քաղաքապետը ներկայացուց տասնութ հոգիէ բաղկացած քաղաքային խորհուրդի գործունէութիւնը, որուն անդամներէն մէկը հայազգի Եոզեֆ Պէզաճեանն է, ինչպէս նաեւ Պիպլոսի զարգացման ծրագիրները, զբօսաշրջային ենթակառուցուածքները, ժողովրդագրական իրավիճակը:
Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն, ընդգծուեցաւ մշակութային եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ կապերու հաստատման եւ զարգացման անհրաժեշտութիւնը, նախընտրելի համարուեցաւ գեղանկարչական եւ պատմական իրեղէն մշակոյթի ցուցանմուշներու ցուցահանդէսներու կազմակերպումը, երաժշտական փառատօններուն մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան յառաջիկային փոխայցելութիւններ կատարելու հնարաւորութիւնները:
Տեղեկանք. Պիպլոսը աշխարհի հնագոյն մշտապէս բնակեցուած քաղաքներէն մէկն է (7 հազ. տարի): Պիպլոսի մասին առաջին տեղեկութիւնները կը վերաբերին մ.թ.ա. IV հազարամեակին: Քաղաքը հիմնադրած են փիւնիկեցիները, այն տեղակայուած է Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութէն 32քմ հեռաւորութեան վրայ` Միջերկրական ծովի ափին: Պիպլոսն ունի 70 հազար բնակչութիւն եւ ներառուած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: