Հայաստան Ըսելով` Մօրս Գուրգուրանքները Կը Զգամ. «Արի տուն» Ծրագիրի Քուէյթահայ Մասնակից
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն 2017» ծրագիրի 3-րդ փուլի մասնակից, տասնչորսամեայ Մեղեդի Պօղոսեան կը բնակի Քուէյթ, կը յաճախէ Քուէյթի ազգային վարժարանը: Անասելի ուրախ է «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու համար յատկապէս այն պատճառով, որ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ նոր գոյներով բացայայտելու Հայաստանը եւ ծանօթանալու տարբեր երկիրներէ եկած հասակակիցներուն հետ:
Մեղեդին տարիէ տարի Հայրենիքի կարօտն աւելի կը զգայ, կ’ուզէ ամրապնդել կապը Հայաստանի հետ, յաճախակի դարձնել այցելութիւնները եւ լաւ սորվիլ Մայրենին:
«Ապրելով Հայաստանէն հեռու` խորթութեան զգացում կ’ունենանք միշտ. հանգիստ չենք զգար օտար հողի վրայ: Դժուար է դուրսը պահպանել ազգային ինքնութիւնը, բայց քուէյթահայերը կը փորձեն համայնքային աշխոյժ կեանք ստեղծել, տարբեր ազգապահպան ձեռնարկներ կազմակերպել, շատ կ’օգնէ նաեւ հայկական եկեղեցւոյ եւ դպրոցներու գոյութիւնը»,-«Հայերն այսօր»–ի հետ զրոյցին նշեց Մեղեդի Պօղոսեան:
Մեղեդին ստեղծագործելու ձիրքով օժտուած է, Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծութիւններ կը գրէ եւ արդէն հասցուցած է հայրենասիրական թեմայով տասներեք բանաստեղծութիւն գրել: Վստահ է` «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելէ ետք առաւել ոգեշնչուած պիտի շարունակէ գովերգել Հայաստանը:
Ճիշդ է` կ’ուզէ բժիշկուհի դառնալ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը փորձէ չհեռանալ բանաստեղծական աշխարհէն, որպէսզի, ինչպէս ան կ’ըսէ, իր գրիչով պաշտպանէ Հայրենիքը:
Հարցին, թէ ինչ կը զգայ Հայաստան ըսելով` Մեղեդին պատասխանեց. «Հայաստան ըսելով` մօրս գուրգուրանքներն ու սիրող ձեռքերը կը զգամ, որոնք միշտ կը շոյեն զիս»:
Գէորգ Չիչեան