Կոնդակով Պարգեւատրում Եւ Դպրական Տուչութիւն Իրաքի Թեմէն Ներս

Վերջերս՝ յունիս 25-էն մինչեւ յուլիս 4, Հովուական այցով Հիւսիսային Իրաքի մէջ կը գտնուէր, Իրաքի թեմի առաջնորդ Տէր Աւագ արք. Ասատուրեան, այցելութիւները արժեւորուեցան երկու կարեւոր իրադարձութիւններով:- Այս մասին «Հայերն այսօր»–ին կը յայտնէ Զախոյի հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեան:
- Ուրբաթ, յունիս 30-ին, նախագահութեամբ Առաջնորդ սրբազան հօր, Զախոյի հոգեւոր հովիւ տէր Մամբրէ Հմայեակեան պատարագ մատուցեց Տհոքի Սբ. Մերսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին Սրբազան հայրը Վեհափառ Հայրապետի կոնդակով եւ Ներսէս Շնորհալի շքանշանով պարգեւատրեց Տհոքի թաղական խորհուրդի ատենապետ պրն. Վարդգէս Սարգսեանը եւ Մուսուլի հարթավայրերու թաղական խորհուրդի ատենապետ պրն. Շանթ Մուրատեանը:
- Կիրակի՝ յուլիս 2-ին,արդէն Զախոյի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ դպրական 4 աստիճաններու տուուչութիւն Զախոյի ծառայասէր 3 երեխաներու՝ Սողիկ Սարանեանի, Արմենակ Մարտիրոսեանի եւ Նարեկ Ղազարեանի: