Շար­թի գործերու յե­տահա­յեաց ցու­ցա­հան­դէ­ս

Օրերս Փա­րիզ 5-րդ թա­ղապե­տարա­նին մէջ հան­դի­սաւոր բա­ցու­մը կա­տարուած է Շար­թի գոր­ծե­րու յե­տահա­յեաց ցու­ցա­հան­դէ­սին: Ներ­կայ եղած են թա­ղապետ Ժան Թի­պէրի, Շար­թի կի­նը եւ զա­ւակ­նե­րը, Շառլ Ազ­նա­ւուր եւ հան­րա­ծօթ բազ­մա­թիւ անձնա­ւորու­թիւններ:

Նկա­րիչ Սերժ Շարթ մա­հացաւ 2011 Յու­նուար 12ին, 83 տա­րեկա­նին, մինչ կ՚աշ­խա­տէր «Մու­լէն Ռուժ» կտա­ւին վրայ:

1927ին ծնած է Պէյ­րութ: 1947ին մեկ­նած է Իտա­լիա, ապա հոն­կէ ալ Փա­րիզ, ուր ծա­նօթա­ցած է Գառ­զուի: 1948ին մտած է Փա­րիզի Գե­ղարուես­տից դպրո­ցը, ուրկէ հե­ռացած է 15 օր ետք, նա­խընտրե­լով յա­ճախել ազատ աշ­խա­տանոց­ներ: Սի­րահար՝ վե­րացա­կան արուես­տի, այ­ցե­լած է Ֆրան­սա­յի, Իտա­լիոյ եւ Հո­լան­տա­յի մէջ բազ­մա­թիւ թան­գա­րան­ներ, 1950ին հրամցնե­լու հա­մար իր անդրա­նիկ ցու­ցա­հան­դէ­սը Պէյ­րութի մէջ:

Այդ օրե­րուն սկսած Շան­թի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը ու­նե­ցած է աւե­լի քան 50ամեայ փայ­լուն ար­գա­սիք. իր արուես­տը բարձր գնա­հատուած է եւ ատոր լա­ւագոյն փաստն ալ իր գոր­ծե­րու ներ­կա­յու­թիւնն է աշ­խարհի բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րու թան­գա­րան­նե­րուն մէջ, ԱՄՆ-էն Մի­ջին Արե­ւելք: Նաեւ մեծ թի­ւով հա­ւաքորդներ գնած են իր գոր­ծե­րէն: Ան ար­ժա­նացած է մի­ջազ­գա­յին 15 մրցա­նակ­նե­րու:

Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց է մինչեւ Դեկտեմբեր 7,

Mairie du 5e arrondissement,

21 Place du Panthéon, 75005, Paris

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up