Կառավարութեան Կազմը Կարէն Կարապետեանի Գլխաւորութեամբ Կը Վայելէ Մեր Լիակատար Վստահութիւնը. ՀՀ նախագահ

Կառավարութեան ներկայ կազմը վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կը վայելէ իմ եւ մեր ամբողջ քաղաքական կազմի լիակատար վստահութիւնը: Այս մասին, այսօր` Յունիս 29-ին, կառավարութեան նիստի ժամանակ ունեցած իր ելոյթին մէջ նշած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Անոր խօսքով, իրենց քաղաքական անձնակազմի միասնական է գործելու ինչպէս գործադիրի եւ օրէնսդիրի մէջ, այնպէս ալ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ:

«Ես որպէս ՀՀ նախագահ եւ ՀՀԿ-ի ղեկավար, ինչպէս նաեւ դուք բոլորդ, վստահ եմ, չունինք որեւէ նախապաշարում: Մենք պատրաստ ենք աշխատելու բոլոր կառուցողական ուժերու հետ  գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու ծիրէն ներս, տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն եւ նոյնիսկ նշուած կառոյցներէն դուրս: Նման համագործակցութեան համար մեր կողմէն միակ նախապայմանը քաղաքավարութեան եւ բարեկրթութեան կանոններու պահպանումն է: Ի դէպ, ընդգծեմ, որ քննադատութիւնը իմ նշած կանոններու խախտում չենք համարեր: Յատկապէս, եթէ անիկա կառուցողական է եւ նպատակ ունի բարելաւելու իրավիճակը»,-յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:

Դիմելով վարչապետ Կարէն Կարապետեանին, Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Կ՛ակնկալենք, որ դուք պատուով պիտի լուծէք մեր բոլորին առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները: Կը հաւատամ, որ կառավարութիւնը Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ պիտի կարենայ ամբողջութեամբ ընել ատիկա: Մեր ժողովուրդը ձեզի վստահած է այդ առաքելութիւնը: Շարունակեցէք աշխատիլ եռանդով»:

Scroll Up