Սկաուտական Բանակում Շուշիի Մէջ

Արցախի «Հայկի Սերունդ» հասարակական կազմակերպութիւնը կը նախաձեռնէ Շուշիի արուարձանին մէջ իրականացնել «Հայորդիներ» սկաուտական 8-րդ  բանակումը, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 3-էն մինչեւ Օգոստոս 10: Այս մասին կը յայտնէ «Հայկի Սերունդ» հասարակական կազմակերպութեան վարչութիւնը:

Պատանիներու եւ երիտասարդներու հայրենասիրական դաստիարակութեան ուղղուած այս ամենամեայ բանակումը նախատեսուած է իրականացնել 4 փուլով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի տեւէ 9 օր: Առաջին երեք փուլերուն մէջ պիտի ընդգրկուին պատանիներ եւ երիտասարդներ Ստեփանակերտէն եւ Արցախի բոլոր շրջաններէն: Իսկ Օգոստոս 2-10 պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ժամանած սկաուտներ:

«Հայորդիներ» սկաուտական բանակումի ընթացքին կը նախատեսուի կազմակերպել սեմինարներ, մարզական եւ զարգացման խաղեր, մրցոյթներ, խարոյկահանդէս, մշակութային երեկոներ, հանդիպումներ յայտնի մարդոց հետ, արշաւներ եւ այլն:

Նպատակն է`  խթանել Արցախի մէջ «Հայորդիներ» սկաուտական շարժման զարգացման ու տարածման,     նպաստել աճող սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, անոր մէջ զարգացնել երկրի տիրոջ հոգեբանութիւնը, Շուշին դարձնել համահայկական եւ միջազգային երիտասարդական հաւաքատեղի:

Scroll Up