Արժանթինի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներն Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յունիս 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պուէնոս Այրէսի «Հայ կեդրոն»-ի կառոյցներու  հետ կապերու տնօրէն Խուան Սարաֆեանը, «Հայ կեդրոն»-ի քարտուղար Արամ Գարագկէոզեանը, Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան արժեւորեց Արժանթինի հայ համայնքի աշխոյժ գործունէութիւնը, ներկայացուց Արժանթինի, Գորտոպայի, Պրազիլի եւ Քաթարի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ունեցած իր տպաւորութիւնները եւ նշեց, որ պէտք է աւելի աշխուժացնել Հայրենիքի հետ կապը, այցելութիւնները Հայաստան, երիտասարդներու մասնակցութիւնը նախարարութեան ծրագիրներուն:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար: Խուան Սարաֆեան նշեց, որ առաջին անգամ կու գայ Հայաստան եւ հիացած է Երեւանի գեղեցկութեամբ: Ան նշեց, որ Արժանթինի մեր հայրենակիցներուն համար անհրաժեշտ է զբօսաշրջային ծրագիրներ կազմել, որ գան, տեսնեն Հայաստան: Արամ Գարակէոզեան շեշտեց. «Հայաստանը Երեւան չէ միայն: Պէտք է երկար ժամանակով գանք ու շրջինք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ»:

Անդրադառնալով Սփիւռքի նախարարի Արժանթին կատարած այցին` Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան աւելցուց. «Ձեր այցելութիւնը ոգեւորեց համայնքը: Դեռ շատ ընելիքներ ունինք: Պէտք է զօրացնենք դպրոցները, հայերէնը  պահպանենք, նաեւ Հայաստանի հետ կապը ամրացնենք: Հայաստան այցելելէ յետոյ, առաջին խօսքը, որ կ’արտասանեն` կրկին վերադառնալու մասին է: Մեզի համար Ձեր ներկայութիւնը, Սփիւռքի նախարարութեան գոյութիւնը շատ ոգեւորիչ է»:

Scroll Up