Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Յունիս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աւագ արք. Ասատուրեանը եւ Իրաքի հայ ազգային խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Սարգիս Չօլաքեանը եւ վարչութեան ատենադպիր Սարգիս Գոթունեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց նախարարութեան կատարած աշխատանքներն ու իրականացուցած ծրագիրները, անդրադարձաւ Հայաստան ապրող սուրիահայերու եւ իրաքահայերու հիմնախնդիրներուն եւ ատոնց լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:

Քննարկուեցան սեպտեմբեր 18-20 կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին Իրաքի համայնքի պատուիրակութեան մասնակցութեան, իրաքահայութեան հիմնախնդիրները արծարծելու հետ կապուած հարցեր:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար, կարեւոր համարեցին  սփիւռքի նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը, աւելցնելով, որ այս տարի 14 իրաքահայ երիտասարդներ պիտի մասնակցին նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին եւ 10 ուսուցիչներ` պիտի  վերապատրաստուին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի դասընթացներուն  մէջ: Իրաքահայ գործիչներն իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին աւելի մեծ ջանքեր ներդնելու` համահայկական ծրագիրներուն համայնքի մասնակցութիւնը աշխուժացնելու ուղղութեամբ:

 

 

 

 

 

 

 

Scroll Up