Բակօ Սահակեան Ընդունած Է «Ազդակ» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Շահան Գանտահարեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/090617_ShahanGantaharyanAzdak-Info.jpg)
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յունիսին ընդունած է «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրԷն Շահան Գանտահարեանը:
Ըստ Artsakhpress-ի, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախ-Սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է տեղեկատուական ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ խորացման եւ ընդլայնման:
Երկրին ղեկավարը Շահան Գանտահարեանին յանձնած է «Երախտագիտութիւն» մետալը, պարգեւատրելով «Ազդակ»-ը` երկարամեայ ազգանպաստ գործունէութեան համար:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է «Ազդակ»-ի գործունէութիւնը` նշելով, որ անիկա կարեւոր եւ հայրենանուէր առաքելութիւն կը կատարէ: