Կը Կայանայ «Սիրով Հայաստանին Ու Ռուսաստանին» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացումը

Յունիս 10-ին, ժամը 12.00-ին Երեւան քաղաքի Մոսկուայի տան մէջ կը կայանայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ ՌԴ դեսպանատան աջակցութեամբ իրականացուող «Սիրով Հայաստանին ու Ռուսաստանին» խորագիրով ցուցահանդէսի բացումը (Հասցէ` ք. Երեւան, Արգիշտիի 7, Մոսկուայի տուն):
Ցուցահանդէսի պատուաւոր հիւրերուն շարքին են ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի մէջ ՌԴ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իւան Վոլինկինը, 1992–1995թթ. ՀՀ ՊՆ գլխաւոր գրասենեակի պետ, 1993 թ. պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, Արցախեան պատերազմի հերոս, զօրավար Նորատ Տէր-Գրիգորեանցը, հիւրեր Ս.Փեթերսպուրկէն եւ Մոսկուայէն:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Գիւմրի քաղաքի ղեկավարութեան խնամատարութեամբ կարիքաւոր ընտանիքի մը կը յանձնուի Հրաչեայ Պօղոսեանի կողմէ նուիրուող բնակարանի բանալին:
Ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է Ռուսաստանի օրուան, ինչպէս նաեւ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բազմամեայ բարեկամութեան, կը ներառէ աւելի քան 200 լուսանկարչական աշխատանք, որոնք կը պատմեն 10 երկիրներու` Ռուսաստանի, Հայաստանի, Սլովաքիոյ, Պելառուսի, Ղազախստանի, Մոլղոլիոյ, Էսթոնիոյ, Լիթուայի, Լաթվիոյ եւ Վրաստանի մէջ հասարակական գործիչ եւ բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի բարեգործական գործունէութեան մասին:
Հրաչեայ Պօղոսեան հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական նշանակութեան 80-է աւելի կառոյց ստեղծած է: Անոր ջանքերով հրատարակուած են տասնեակ գիրքեր եւ պարբերականներ, նկարահանուած վաւերագրական ֆիլմեր:
Ձեռնարկին ծիրէն ներս կը կայանայ Խորհրդային Միութեան մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանի «Մեծ ժողովուրդի զաւակները» գիրքի շնորհանդէսը: Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ մարշալի թոռը` Իւան Սերգէյի Բաղրամեանը:
Այնուհետեւ կը ցուցադրուի «Գնացք դէպի յաւերժութիւն» վաւերագրական ֆիլմը, որ նուիրուած է 1941թ. հոկտեմբեր 14-ին Լենինկրատի մարզի Տիխուին կայարանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան, երբ ֆաշիստական ռմբակոծութեան զոհ դարձաւ Լենինկրատէն տարհանուող աւելի քան 2000 երեխայ: 2016թ-ին Հրաչեայ Պօղոսեանի ջանքերով երեխաներու զոհուելու վայրին մէջ կանգնեցուած է յուշարձան եւ վերականգնուած տապանաքարը:
«Սիրով Հայաստանին ու Ոուսաստանին» խորագիրով ցուցահանդէսը բաց կ’ըլլայ յունիս 10-24` ժամը 11.00-15.00: Մուտքը ազատ է: