Երեւանի ՄԷջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Թրքական Նոր Շարժանկար Մը Պիտի Ցուցադրուի
Երեւանի մէջ յունիս 7-ին պիտի ցուցադրուի հայերու կոտորածներու մասին պատմող թրքական «Վանքի երեխաները» շարժանկարը: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Հայաստանի մէջ «Արեւմտահայոց ազգային համագումար»-ի լիազօր ներկայացուցիչ եւ «Վերադարձ» հիմնադրամի նախագահ Արագած Ախոյեան:
Ախոյեան նշած է, որ «Արեւմտահայոց ազգային համագումար» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան մշակոյթի յանձնաժողովը նախաձեռնած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւանքներուն մասին թուրք հեղինակներու` արտադրողներու Քազըմ Կիւնտողանի եւ բեմադրիչ Նեզահաթ Կիւնտողանի նկարահանած շարժանկարի երեւանեան ցուցադրութիւնը, որ կը կայանայ «Մոսկուա» կինոթատրոնին մէջ:
«Բազմիցս, տարիներ շարունակ «Վերադարձ» հիմնադրամը տարբեր մշակութային ծրագիրներ իրականացուցած է եւ այսօր այս առումով ունինք երկու ձեռնարկ: Մէկը պիտի ըլլայ յունիս 7-ին` Մոսկուա կինոթատրոնին մէջ ժամը 18:00-ին կը ցուցադրուի «Վանքի երեխաները» շարժանկարը»,-ըսած է Ախոյեան` շեշտելով, որ 1 ժամ տեւողութեամբ ֆիլմը կը պատմէ ցեղասպանութեան ժամանակ տարբեր ճանապարհներով փրկուած եւ քիւրտերու ու թուրքերու մէջ մեծցած հայ երեխաներուն մասին:
Իր հերթին շարժանկարի արտադրող Քազըմ Կիւնտողան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ մինչ օրս ալ կը շարունակուի ժխտողական քաղաքականութիւնը կապուած այդ երկրին մէջ 20-րդ դարուն տեղի ունեցած բազմաթիւ ցեղասպանութիւններու հետ, որոնց զոհ դարձած են այդ երկրին մէջ ապրող բազմաթիւ ազգերու ներկայացուցիչները, ներառեալ` հայերը: