Երեխաներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օրը Ալմաթիի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/06/1-13.jpg)
«Երջանկութիւն բոլոր երեխաներուն» խորագիրը կը կրէր յունիս 4-ին Ալմաթի մէջ Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» հանրապետական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած ձեռնարկը` նուիրուած երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին Ալմաթիէն կը տեղեկացնէ Լուսինէ Շահվերդեան:
Ձեռնարկին տեղի ունեցաւ AmurE համերգաժամանցային համալիրին մէջ, ուր յատուկ հրաւիրուած խաղավարները բոլոր երեխաներուն համար պատրաստած էին զուարճալի խաղեր եւ անակնկալներ: Յատկապէս գրաւիչ էին խմբական խաղերը, որոնք նպաստեցին, որպէսզի երեխաներն աւելի լաւ ծանօթացան իրարու հետ եւ ընկերանան: Տօնական այս ձեռնարկին նախաձեռնողները փոքրիկներուն հաճելի անակնկալ մատուցելէ զատ` նպատակ ունէին աշխուժացնել անոնց, համախմբել հայկական համայնքին շուրջ, նոր շունչ հաղորդել համայնքային կեանքին: Ձեռնարկին աւարտին երեխաները խոստովանեցան, որ կ’ուզէին յաճախ հանդիպիլ, աւելի աշխոյժ ըլլալ եւ մասնակցիլ համայնքէն ներս կազմակերպուող բոլոր հաւաքոյթներուն, կազմակերպիչները թեթեւցած շունչ քաշեցին. չէ՞ որ հէնց ատիկա էր օրուան գերխնդիրը: Գոհ էին բոլորը` եւ հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաները, եւ հիւրերը, եւ ծնողները: Ի դէպ, անոնց մասին ալ հոգացած էին կազմակերպիչները, եւ մինչ երեխաները կը զուարճանային խաղավարներուն հետ, ծնողներուն ներկայացուեցաւ տեղեկատուութիւն «Մասիս» հանրապետական հասրակական կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւներուն` Հայկական կիրակնօրրեայ դպրոցի, Ալմաթիի Հայ կանանց միութեան եւ Հայկական պարերու արուեստանոցին մասին: