ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Լիբանանահայ Յովհաննէս Թասլաքեանը
Մայիս 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց լիբանանահայ բժիշկ, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՀՀ սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի անդամ Յովհաննէս Թասլաքեանը:
Ողջունելով սփիւռքահայ գործիչը` Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց անոր ազգանպաստ գործունէութիւնը, ընդգծեց, որ ինքնութեան պահպանման, համահայկական հարցերուն շուրջ համախմբուելու, միասնական ըլլալու համար անհրաժեշտ է ամրացնել կապը Հայրենիքի հետ, աւելի աշխոյժ մասնակցիլ նախարարութեան ծրագիրներուն:
Յովհաննէս Թասլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի սերտօրէն համագործակցելու նախարարութեան հետ, աշխուժօրէն մասնակցելու նախարարութեան ծրագիրներուն: