«Մաշտոց» Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցի 10-Ամեակը

Մայիս 14-ին  նշուեցաւ «Մաշտոց» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի 10-ամեակը: Այդ կապակցութեամբ դպրոցին մէջ կազմակերպած էին հանդէս-ձեռնարկ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէն Իրինա Գէորգեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն «Մաշտոց» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցէն:

Ելոյթ ունեցան կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի սաները հայկական ժողովրդական երգով եւ պարով, արտասանեցին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ, երգեցին ռազմական երգեր, շնորհաւորեցին նաեւ Հայրենական Մեծ պատերազմի վեթերաններուն: Անցած տարիներու ընթացքին դպրոցը հանդէս  եկած է բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով:  Դպրոցի աշակերտները մասնակցած են Փսկով քաղաքի մշակութային ձեռնարկներուն եւ արժանացած պատուոգիրներու, մրցանակներու, շնորհալակագիրներու:

Ձեռնարկին ներկայ էին Փսկովի համաերկրացիներու սոցիալական օգնութեան «Մաշտոց» մարզային հայկական  հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ռադիկ Գինոսեան, Փսկովի մարզի կրթութեան  վարչութեան պետի առաջին տեղակալ Կենատի Իւանովիչ Պարիշնիկովը, Փսկովի մարզային պատգամաւորներու ժողովի նախագահի տեղակալ Վիքթոր Վլատիմիրովիչ Օստրենկոն,Մարզային ժողովի պատգամաւոր Լիտիա Ալեքսանտրովնա Տռագունովան, աշխատանքի եւ պատերազմի վեթերաններու Փսկովի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Վիքթոր Վլատիմիրովիչ Կաւրիլովը, Փսկովի մարզի ապահովագրութեան ֆոնտի եւ տեսալսողական փաստաթուղթերու պետական արխիւի տնօրէն  Թաթեանա Ալեքսէեւնա Սոկոլովան:

Անոնց կողմէ բարձր գնահատականի արժանացան Փսկովի համարեկրացիներու  սոցիալական օգնութեան «Մաշտոց» մարզային հայկական հասարակական կազմակերպութիւնը, «Մաշտոց» կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի ուսուցիչները` հայկական մշակոյթի, լեզուի եւ պատմութեան պահպանման, երեխաներու դաստիարակութեան, հայրենասիրութեան ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներու միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները պահպանման գործին մէջ իրենց ազգանպաստ աշխատանքին  համար:

Ձեռնարկին աւարտին աշակերտները պարգեւատրուեցան շնորհակալագիրներով: Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան նաեւ դպրոցի ծնողները:

23  51

Scroll Up