Հայ Մնալու Լաւագոյն Միջոցը Հայրենաշինութեան Գործին Մասնակցիլն Է. Արա Վարդանեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/05/Արա-Վարդանյան.jpg)
2017 թուականը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համար յոբելենական տարի է. կը լրանայ հիմնադրամի ստեղծման 25-ամեակը: Այս առիթով «Հայերն այսօր»–ը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հետ զրուցած է այս տարիներուն ընթացքին կատարուած աշխատանքներու, ձեռքբերումներու եւ յետագայ ընելիքներու շուրջ:
–Պարո՛ն Վարդանեան, ե՞րբ ստեղծուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւ ո՞րն է Հիմնադրամի առաքելութիւնը:
–«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստեղծուած է 1992 թուականի մարտ 3-ին` ՀՀ նախագահի հրամանագիրով` որպէս եզակի կառոյց մը, որ կոչուած է համախմբելու Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մէջ ապրող բոլոր այն հայերուն եւ անոնց համախոհներուն, որոնք պատրաստակամ են իրենց ջանքերն ուղղելու նորաստեղծ հայկական 2 հանրապետութիւններու կայուն զարգացման: Այն ժամանակ Սփիւռքը պատրաստ էր օգնելու Հայաստանին եւ Արցախին, հայկական համայնքներուն տարբեր դրամահաւաքներ կը կազմակերպուէին, բայց չկար անոնց ուղղորդող մարմին, որ կարենար այդ գումարները ճիշդ տնօրինել:
Շուկայական յարաբերութիւններու հաստատման բարդութիւններուն զուգահեռ` անհրաժեշտ էր նաեւ բազում հիմնախնդիրներ յաղթահարել, որոնք պետութեան առջեւ ծառացած էին 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի, երկրի շրջափակման եւ Արցախեան պատերազմի հետեւանքով:
–Ներկայացուցէք խնդրեմ, Հիմնադրամի քսանհինգ տարուան անցած ուղին:
-Այս տարիներուն ընթացքին շատ լուրջ ձեռքբերումներու հասած ենք: Իսկ ամենամեծ նուաճումը կը համարենք նուիրատուներու քանակը. ունինք 700 000 նուիրատու, որոնց շնորհիւ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ 500 000 քաղաքացիի կեանքին մէջ կրցած ենք դրական փոփոխութիւն մտցնել: Հիմնադրամի քսանհինգ տարուան ուղին կը բնութագրուի իրար յաջորդող մեր հայրենիքի համար կենսական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող բազմաբնոյթ ծրագիրներով:
Ճանապարհներու, դպրոցներու, մանկապարտէզներու, հիւանդանոցներու, ջրագիծերու ու կազատարներու կառուցման զուգահեռ` օժանդակութիւն ստացած են բազմաթիւ սոցիալապէս խոցելի խումբեր, ներառեալ` ազատամարտիկներու ընտանիքներ, անապահով ընտանիքներու ուսանողներ: Աշխարհասփիւռ հայութեան նուիրատուութիւններով այսօր մեր հարիւր հազարաւոր հայրենակիցներ ունին տուն, ջուր, կազ, ջեռուցում, բարեկեցիկ կեանքի պայմաններ:
Քսանհինգ տարիներուն ընթացքին կրցանք կարեւոր նշանակութեան ծրագիրներ իրականացնել: Հիմնադրամին վստահուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած խնդիրներու լուծումը: Մէկը միւսին յաջորդեցին Գորիս-Ստեփանակերտ, ապա Արցախի մէջ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիներու կառուցումը: Արդէն կ´աւարտենք Հայաստան Արցախին կապող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցումը, որն Ապրիլեան պատերազմէն յետոյ ապացուցեց իր անգնահատելի դեր ունենալու փաստը. մարդիկ այդ ճանապարհով Հայաստանէն Մարտակերտ կը մեկնէին:
Վերջինս ճանապարհային ցանց ապահովեց ԼՂՀ քաղաքներուն եւ գիւղերուն միջեւ` մեծապէս նպաստելով երկրին մէջ տնտեսութեան զարգացման: Ճանապարհաշինութեան զուգընթաց` Հիմնադրամը ստանձնեց նաեւ համայնքային զարգացման նպատակային ծրագիրներ` կառուցելով ու վերակառուցելով դպրոցներ, բուժհաստատութիւններ, ջրամատակարարման ու կազամատակարարման համակարգեր, ելեկտրահաղորդագիծեր, մշակութային հաստատութիւններ եւ այլն:
Աղէտի գօտիին մէջ Հիմնադրամը ձեռնամուխ եղաւ բնակարանաշինութեան` 1988-ի երկրաշարժէն անօթեւան մնացածներուն կացարաններով ապահովելով Գիւմրիի, Վանաձորի, Ստեփանաւանի, Սպիտակի մէջ:
Մէկ խօսքով` Հիմնադրամը կրցած է ճանչցուիլ ողջ հայութեան կողմէ, քանի որ իր ծրագիրներուն մէջ միշտ եղած է արդիական ու սպասուած: Հիմնադրամը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան` աշխարհասփիւռ հայութեան միասնական ջանքերն ուղղելով մեր երկրի վերակառուցման ու ամրապնդման:
– Եկէ՛ք թուապատկերի միջոցով խօսինք կատարուած աշխատանքներուն մասին:
-Շատ լաւ: Նախ եւ առաջ ըսեմ` Հիմնադրամը այն եզակի կառոյցներէն է, որ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ աշխատանքներ կը կատարէ: Ներկայացուող տուեալները, ի հարկէ, Հայաստանի եւ Արցախի կատարուած աշխատանքներուն մասին է: Եւ այսպէս. Հիմնադրամը կեանքի կոչած է աւելի քան 330. 000. 000 ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ ծրագիրներ, իրականացուած է 1100 խոշոր /ընդհանուր առմամբ` 50 000/ ծրագիր , ունինք 700.000 նուիրատու Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
Կառուցուած, վերակառուցուած եւ իրականացուած են 605 քմ ճանապարհ, 580 քմ ջրագիծ ու ջրատար, 149 քմ կազամուղ, 70 քմ էլեկտրագիծ, 359 դպրոց ու մանկապարտէզ, 24 համայնքային կեդրոն, 480 տուն ու բնակարան, 75 առողջապահական հաստատութիւն, 58 մշակոյթի ու մարզական կեդրոն, 100 ջերմոց, 169 կրթական, մշակութային ու գիտական ծրագիրներ:
Այսօր ալ նոյն քայլերով կը շարունակենք աշխատիլ, սակայն աւելցուցած ենք աշխատատեղերու ստեղծման եւ տնտեսական զարգացման գործօնը. պէտք է ներդրումներ կատարել յատկապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ: Հարկ է նշել Տաւուշի մարզին մէջ արդէն 6 տարի իրականացուող ջերմոցներու կառուցման լայնածաւալ ծրագիրը, որուն գլխաւոր հովանաւորը Հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինն է: Այս ձեռնարկին վերջերս միացած է նաեւ աւստրալահայ համայնքը:
Տաւուշի մարզին մէջ կառուցած ենք աւելի քան 100 ջերմոց: Իւրաքանչիւր ջերմոց նախատեսուած է մէկ ընտանիքի համար, որ բաւարար պայմաններ կը ստեղծէ այդ ընտանիքի կենցաղային, առօրեայ խնդիրները լուծելու համար:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կարեւոր ծրագիրներէն էր արժանթինահայ բարերարներ Տեւեճեան, Էքզերճիյեան ընտանիքներու եւ Գիրգոր Շիմշիրօղլուի ֆինանսաւորմամբ Շիրակի մարզի Բաւրա գիւղին մէջ հնդկաձաւարի գործարանի կառուցումը, որ նոր մշակոյթ է հայկական գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ: Այս տարի կը սկսինք նաեւ արեւային ուժի ստացման նոր ծրագիր մը: Փորձարկումը սկսած ենք Տաւուշի մարզի քանի մը գիւղի մէջ: Յաջորդ տարուընէ Արցախի գրեթէ բոլոր գիւղերու դպրոցներու, համայնքային կեդրոններու, մանկապարտէզներու տանիքներուն պիտի տեղադրենք արեւային մարտկոցներ, որպէսզի զերոյացնենք էլեկտրականութեան ծախսերը:
Առհասարակ, մեր ծրագիրները բաժնուած են երկու մասի` գլխաւոր դրամահաւաքի թեման, որ իւրաքանչիւր տարի կը հաստատէ հոգաբարձուներու խորհուրդը, եւ բարերարներուն կողմէ առաջարկած յատուկ` նպատակային ծրագիրները: Այդ ծրագիրները պատրաստակամօրէն կը կատարենք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Հիմնադրամը երկու տեսակի` ֆինանսական եւ ֆիզիքական միջազգային հաշուաքննութիւն կ´անցնի: Մենք որդեգրած ենք բաց եւ թափանցիկ գործելաոճը, եւ հէնց ատիկա է մեր յաջողութեան գրաւականը:
–Հիմնադրամի ստեղծումն ինքնին ուղղուած էր Հայաստան–Սփիւռք փոխգործակցութեան ձեւաւորման: Հե՞շտ եղաւ շահիլ սփիւռքահայերու վստահութիւնը եւ անոնց համագործակցութեան կանչել:
–Հիմնադրամին հետ համագործակցութեան շնորհիւ բազմաթիւ սփիւռքահայեր սերտացուցին կապը հայրենիքի հետ` չկորսնցնելով ազգային ինքնութիւնն ու կառչած մնացին սեփական արմատներուն: Եղած են հայեր, որոնք երբեք չէին այցելած Հայաստան, Արցախ, եւ մեր ջանքերով` եկան տեսնելու իրենց Հայրենիքը:
Խնդիրները շատ են: Յոյսով եմ, թէ՛ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, թէ՛ Հիմնադրամի ծաւալած գործունէութեամբ` ամէն ինչ կ’ընենք այդ ամէնը յաղթահարելու եւ Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութիւնը առաւել զարգացնելու համար:
– Այժմ խօսինք Հոգաբարձուներու խորհուրդին մասին:
-Հիմնադրամի իւրայատկութիւններէն է նաեւ հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմը, որուն մէջ ներառուած են հայկական եկեղեցիներու, աւանդական կուսակցութիւններու, բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, անհատ բարերարները` ապահովելով բազմաշերտ ներգրաւուածութիւն:
Ըստ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կանոնադրութեան` Հիմնադրամի բարձրագոյն ղեկավար մարմինը հոգաբարձուներու խորհուրդն է, որուն նախագահն ի պաշտօնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն է: Խորհուրդի կազմին մէջ են Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարքը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, ՀՀ եւ ԱՀ վարչապետները, ՀՀ Սահմանադրական դատարանի, Ազգային ժողովի եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահները, նախարարներ, երեք աւանդական կուսակցութիւններու, խոշոր բարեգործական կազմակերպութիւններու` ՀԲԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ղեկավարները, սփիւռքահայ ճանչցուած բարերարներ ու գործիչներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:
–Սփիւռքի հայկական համայնքներուն մէջ տեղական քանի՞ մարմին կը գործէ:
-Քսանհինգ տարիներուն ընթացքին բացած ենք խորհրդանշական 25 տեղական մարմին` աշխարհի 22 երկրի մէջ, որոնք ներկայիս կը գործեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու` Լոս Անճելըսի եւ Նիւ Եորքի մէջ, Ֆրանսայի, Գանատայի` Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի, Մեծ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ, Շուէտի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Աւստրալիոյ, Պրազիլի, Արժանթինի` Պուէնոս Այրէսի եւ Քորտոպայի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Ուրուգուէյի, Ռումանիոյ, Ռուսաստանի Դաշնութեան, Իրանի եւ Իտալիոյ մէջ:
Տեղական մարմինները սերտօրէն կը համագործակցին իրենց երկիրներու հայ համայնքի եկեղեցական, հասարակական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ճանչցուած բարերարներուն եւ գործիչներուն հետ: Հիմնադրամի` Երեւաի մէջ գործող գործադիր վարչութիւնը եւ աշխարհասփիւռ տեղական մարմինները հաշուետու են հոգաբարձուներու խորհուրդին:
–Հիմնադրամին համար առանցքային նշանակութիւն ունի Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուող ամէնամեայ հեռուստամարաթօնի իրականացումը: Միայն այս միջոցո՞վ հնարաւոր կ´ըլլայ դրամահաւաք կազմակերպել:
-1996 թ-էն սկսած Լոս Անճելըսէն հեռարձակուող ամէնամեայ հեռուստամարաթօնը հանրագումարի կը բերէ տարուան ընթացքին Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ հաւաքագրուած գումարները, հաշուետուութիւն ներկայացնելով նուիրատուներուն, եւ հայութիւնը համախմբելով հայրենիքի համար կենսական կարեւորութեան ձեռնարկի շուրջ: Հեռուստամարաթօններուն հաւաքուած նուիրատուութիւնները կ´ուղղուին հոգաբարձուներու խորհուրդի ամէնամեայ նիստերուն հաստատուած խոշորածաւալ ռազմավարական ծրագիրներու իրագործման:
Մենք աշխարհի մէջ գործող բոլոր բարեգործական (նաեւ` ոչ հայկական) այն եզակի կազմակերպութիւններէն ենք, որ կը կիրառէ դրամահաւաքի բոլոր ձեւերը:
Հիմնադրամի դրամական միջոցները կը գոյանան տարեկան տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուող հեռախօսամարաթօններու, ռատիօմարաթօններու, հեծանուարշաւներու, ճաշկերոյթներու հանգանակութիւններէն, բարեգործական համերգներու ու ցուցահանդէսներու հասոյթներէն, փոստային եւ SMS նուիրատուութիւններէն, անհատներու ձգած կտակներէն եւ նպատակային յատկացումներէն: Շուրջ 60 հազար ընտանիք ունինք, որոնք ամէն տարի աւանդաբար կը մասնակցին հեռուստամարաթօնին. այն դարձած է իրենց կենսակերպին մէկ մասը, իսկ Հայաստանի մէջ կան անգամ թոշակառուներ, որոնք կու գան Հիմնադրամ` իրենց կենսաթոշակին մէկ մասը նուիրաբերելով հայրենաշինութեան գործին:
Կազմակերպուող դրամահաւաքները նաեւ սփիւռքահայ երիտասադներուն հնարաւորութիւն կու տայ կապուելու Հայաստանին: Ինչպէս օրինակ` հեռախօսամարաթօնի ժամանակ անոնց կը վստահուի նուիրատուներու հեռախօսազանգերուն պատասխանելը. այս գործօնը անոնց` յետագային Հայաստան այցելելու եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուելու կարեւոր ազդակ կը հանդիսանայ:
–Ինչպէ՞ս կ´որոշուի հեռուստամարաթօնի բուն թեման:
-Իւրաքանչիւր տարի մայիս ամսուն տեղի կ´ունենայ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին Երեւանի մէջ գործադիր վարչութիւնը կատարուած աշխատանքներուն մասին հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ: Նիստի ժամանակ հոգաբարձուներու խորհուրդը կը սկսի քննարկել դրամահաւաքի գլխաւոր թեման: Հոգաբարձուներու անդամներէն իւրաքանչիւրը կրնայ առաջարկ ներկայացնել, որմէ յետոյ այդ առաջարկներէն քուէարկութեան արդիւնքով կ´ընտրուի գլխաւոր թեման:
-Որ՞ն է Ձեր կոչը համասփիւռ հայերուն:
-Հիմնադրամն ինքնին ապացուցեց, որ հայերով ազգային համախմբուածութեան շնորհիւ կրնանք մեր կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւններ մտցնել եւ լուծել մեր առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները, միայն պէտք է հաւատալ մեր ուժերուն եւ շարունակել ազգանպաստ այս գործը` ի շահ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան հզօրացման: Յիշենք, որ հայ մնալու լաւագոյն միջոցը հայրենաշինութեան գործին մասնակցիլն է:
Ի հարկէ, անհիմն մեղադրանքները շատ են, բայց մենք արդար ճանապարհով կ´ընթանանք: Պէտք է հասկնանք, որ Արցախի մէջ կատարուող իւրաքանչիւր ներդրում նաեւ քաղաքական նշանակութիւն ունի. դեռ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու խնդիր ունինք, որ Արցախը եղած է եւ կը մնայ հայկական տարածք: Իսկ ցոյց տալու այդ ձեւերէն մէկն ալ այդ հողին վրայ որեւէ գործ ընելն է:
Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի