ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Մայիս 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին կատարած աշխատանքները եւ իրականցուած ձեռնարկները: Քննարկուեցան «Հայրենիք-Սփիւռք»  6-րդ համահայկական համաժողովի կազմակերպական հարցեր, նշուեցան յառաջիկայ ընելիքները:

Նախարարը կարեւոր համարեց յառաջիկայ շաբթուան` «Միասնութիւնը յաղթանակի գրաւական Սարդարապատ» խորագիրով իրականացուող ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը: Տրուեցան յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները:

 

Scroll Up