Դասական Երաժշտութեան Համերգ՝ Նուիրուած Լեհահայ Համայնքի Կազմաւորման 650-Ամեակին

Մայիս 23-ին, ժամը 19.00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հետ համատեղ Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ կը կազմակերպէ դասական երաժշտութեան համերգ` նուիրուած Լեհահայ համայնքի կազմաւորման 650-ամեակին:

Համերգին կը մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան:

Համերգին ելոյթներով հանդէս կու գան Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի սաները, որոնք կը ներկայացնեն Շոփենի եւ հանրայայտ լեհ այլ  երգահաններու գործեր:

 

Scroll Up