«Ձեր Ըրածը Թերի Կ’ըլլայ, Եթէ Լաւ Հայեր Չըլլաք». Մոսկուայի «Հայորդաց Տան» Տնօրէն
Մայիս 14-ը Մոսկուայի «Հայորդաց տան» 2016-2017 ուսումնական տարուան վերջին օրն էր: Չնայած ատոր, այն շատ յագեցած եւ բազմազան էր: Աւանդոյթին համաձայն` առտուն կանուխէն առաջին դասարանի սաները իրենց աւագ դասընկերներուն կողմէ նախորդ տարիներուն տնկած ծառերուն կողքին դպրոցի բակին մէջ տնկեցին վարդի թուփեր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն:
Այնուհետեւ աւարտական դասարանները կատարեցին գրաւոր աշխատանքներ, որոնք յանձնարարուած էին տնօրէնութեան կողմէ: Հայոց լեզուի ուսուցչուհի Երանուհի Ղազարեան քննական դասեր իրականացուց նաեւ առաջին դասարաններուն մէջ, որոնց ընթացքին սաները ներկայացան մէկ տարուան ընթացքին ստացած գիտելիքներով:
1Ե դասարանին մէջ քննական ընթացքին ներկայ էր նաեւ «Հայորդաց տան» տնօրէն Հմայեակ Գէորգեան: Ան բարձր գնահատեց սաներու պատրաստուածութիւնը` ըսելով․ «Ես վստահ եմ, որ այս դասարանին մէջ կան ապագայ իրաւաբաններ, ծրագրաւորողներ, երկրաչափներ, որոնք իրենց ոլորտին մէջ մեծ յաջողութիւններու կը հասնին: Բայց ինչ ալ կեանքին ընթացքին ընելու ըլլաք` լաւ պէտք է ընէք: Սակայն, ձեր ըրածը թերի կ’ըլլայ, եթէ լաւ հայեր չըլլաք, չըլլաք օգտակար ձեր հայրենիքին, ազգին, եկեղեցւոյ: Ամէնէն առաջ պէտք է գիտակցիք, որ դուք արարող, մեծ ազգի հետեւորդ էք: Ոչ շովինիստական, ազգայնամոլական իմաստով, այլ արարողներու ազգ իմաստով, որուն զաւակները մեծ յաջողութիւններու հասած են տարբեր բնագաւառներու մէջ»:
Ուսումնական տարուան վերջին օրը յիշարժան էր նաեւ Ճեմմա Կիրակոսեանի դասղեկական 2Բ դասարանին համար: Սաները մրցեցան տարուան ընթացքին հայոց լեզուէն եւ գրականութենէն ստացած գիտելիքներով եւ ներկայացան երգելու, ասմունքելու տաղանդով: Մրցոյթին ներկայ էին նաեւ սաներու ծնողները, որոնք բարձր գնահատեցին Ճեմմա Կիրակոսեանի կատարած աշխատանքը եւ իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին թեմակալ առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանին եւ կրթօճախի տնօրէնութեան` «Հայորդաց տան» գործունէութեան համար:
Հրաժեշտ տալով սաներուն` ուսուցչուհիները յայտարարեցին, որ յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ մայիս 21-ին` Սբ․ Պայծառակերպութիւն եկեղեցւոյ մէջ: «Հայորդաց տան» տնօրէնութեան որոշմամբ` «Հայորդաց տան» ուսուցչական եւ աշակերտական անձնակազմը ներկայ պիտի ըլլայ Սբ․ Պատարագին, որմէ ետք պիտի մասնակցին աւարտող սաներուն վկայաններ յանձնելու հանդիսաւոր արարողութեան: