Մասաչուսէթսի ՄԷջ Բացուած Է Հայկական Ընտանեկան Ու Մշակութային Կեդրոն

Մասաչուսէթս նահանգի Հաւերհիլ քաղաքին մէջ բացուած է հայկական ընտանեկան ու մշակութային կեդրոն:
Տարածքին մէջ յետագային պիտի կառուցուի նաեւ հայկական եկեղեցի, բայց այս պահուն կեդրոնը պիտի ծառայէ որպէս պատարագներ իրականացնելու վայր, կիրակնօրեայ դպրոց ու հարթակ այլ ձեռնարկներու համար:
Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ ՀԱԷ Արեւելեան թեմի առաջնորդ արքեպիսկոպոս Խաժակ Պարսամեան, news.am-ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ eagletribune.com-ը:
Բացման արարողութենէն ետք կազմակերպուած է ճաշկերոյթ, որուն ներկայ էին մօտ 300 հիւրեր, ներառեալ պաշտօնեաներ: Ձեռնարկի յատուկ հիւրն էր մարմնամարզուհի Հուռի Կեպեշչեան, որ ներկայացուցած է Հայաստանը Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն:
Նշենք, որ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ կ’ապրի Քալիֆորնիայէն յետոյ մեծութեամբ երկրորդ հայկական համայնքը: