Ամերիկահայութեան Թանգարանին Խոստացուած 1 Միլիոն Տոլարը Վերահաստատուեցաւ

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ նահանգապետ Ճերի Պրաուն նահանգին յառաջիկայ տարեշրջանի ամավարկին մէջ վերահաստատած է անցեալ Յունիսին խոստացուած մէկ միլիոն տոլարի յատկացումը՝ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին:
Նշենք, որ նահանգապետը Յունուարին վերատեսութեան ենթարկած էր ամավարկը եւ շարք մը ծրագիրներ ու յատկացումներ, ներառեալ՝ Ամերիկահայութեան թանգարանինը, սառեցուցած էր։
Փորթանթինօ ողջունած է յատկացումը վերահաստատելու որոշումը՝ շեշտելով, որ Ամերիկահայութեան թանգարանը լուսարձակի տակ պիտի առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ պիտի իրականացնէ շրջանին համար կենսական նկատուող դաստիարակչական շարք մը ծրագիրներ։