«Սուրիոյ Ճարտարագիտութեան Զարգացումը եւ Հայկական Գաղութի Ներդրումը» Թեմայով Դասախօսութիւն «Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Տան Մէջ

«Նարեկացիէ»արուեստի միութեան տան մէջ, Մայիս 17-ին` ժամը 14:00-ին, տեղի պիտի ունենայ հանդիպում-դասախօսութիւն ճարտարագէտ Կարպիս Մինասեանի հետ:
Դասախօսութիւնը կը գրէ «Սուրիոյ ճարտարագիտութեան զարգացումը եւ հայկական գաղութի ներդրումը» խորագիրը:
Դասախօսութեան ընթացին պիտի խօսուի 20-րդ դարուն Սուրիոյ ճարտարագիտութեան զարգացման գործին մէջ հայկական գաղութին կողմէ ծաւալուած մեծ եւ նշանակալի գործունէութեան մասին:
Նշենք, որ ճարտարագէտ Կարպիս Մինասեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Քարէն Եփփէ ճեմարան: