Կրկնակի Յաղթանակի Օր Սուրկուտի Հայկական Դպրոցին ՄԷջ
Մայիս 7-ին ՌԴ Սուրկուտ քաղաքի Գրիգոր Նարեկացիի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համատեղ ուժերով նշուեցաւ Մայիս 9-ը` Հայրենական մեծ պատերազմին եւ Շուշիի յաղթանակին օրը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն դպրոցէն, ցերեկոյթի մասնակիցները պատմեցին Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած քաջարի հայորդիներուն, անոնց պայքարին, հերոսացման, յաղթանակին, Պեռլինի մէջ պարած քոչարիին, ինչպէս նաեւ 1992 թուականի մայիս 9-ին արիասիրտ հայորդիներու ազատագրած Շուշիին, «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան, Արցախեան պատերազմի յաղթանակին, հայ ժողովուրդի մարտական ոգիին եւ հերոսութեան մասին:
Մասնակիցները ծանօթացան նաեւ Հայրենական մեծ պատերազմին զոհուած Յովսէփ Եղիշի Վարպետեանի կեանքին եւ գործունէութեան` վերջինիս անձնական, պետական փաստաթուղթերուն եւ լուսանկարներուն միջոցով: