Միշտ Ըլլանք Արթուն, Համախմբուած, Կազմակերպուած Եւ Իմանանք Զէնքի Տեղը. Զաքար Քեշիշեան

Պատմութեան ընթացքին  երբ ալ նեղը ինկած ենք, յաղթած ենք միայն, երբ միասնական  եղած ենք:

Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած  է «Վարանդա» մանկապատանեկան, երիտասարդական պետական երգչախումբի հիմնադիր Զաքար Քեշիշեան:

«Արցախեան շարժման առաջին իսկ օրերէն ողջ աշխարհասփիւռ հայութիւնը  բռունցք մը դարձաւ: Մեր քաջարի նահատակներէն մենք սորվելու բան ունինք եւ անոնց թափած արիւնը իրաւունք չունինք վատնելու: Մենք պէտք է կարենանք արժանի կերպով շէնացնել մեր երկիրը, որպէսզի գալիք սերունդները նաեւ մեզմէ` ապրողներէս, սորվելու եւ հպարտանալու բան ունենան,-ըսած է Զ. Քեշիշեան եւ աւելցուցած,- սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորիս` մայիսեան եռատօնի առթիւ: Միշտ ըլլանք արթուն, համախմբուած, կազմակերպուած եւ իմանանք զէնքին տեղը»:

 

Scroll Up