Մեծ Վանեցիի` Մանկավարժ-Հոգեբան Համբարձում Երամեանի Նուիրումը

Հայ մանկավարժութեան պատմութեան էջերը շատ հարուստ են անուանի մանկավարժներու անուններով. հայ ժողովուրդը բոլոր ժամանակներուն մէջ  միշտ կարեւոր համարած է կրթութիւնը` դեռեւս վաղ` Մաշտոցեան ժամանակներէն հիմնելով դպրոցներ, նախակրթարաններ,երկրորդական վարժարաններ, համալսարաններ, գիտութեան ու մտքի կաճառներ:

…Մայիս 5-ին Յովհաննէս Թումանեանի տուն–թանգարանին մէջ հայ անուանի յուշարձանագէտ, պատմաբան, բանահաւաք, բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքերու հեղինակ Սամուէլ Կարապետեան դասախօսութիւն կարդաց վանեցի ճանչցուած մանկավարժ, հրաշալի մտաւորական Համբարձում Երամեանի մասին: Ներկաները` մանկավարժներ, ծնողներ, աշակերտներ, մտաւորականներ ու լրագրողներ, համակ ուշադրութեամբ կը լսէին մեծ մանկավարժի կենսագրութեան ու անոր ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեան հետաքրքիր դրուագներու պատմութիւնները: Մեր հասարակութեան  ստուար մաս մը, ներառեալ` նաեւ աշակերտութիւնը, գրեթէ տեղեակ չեն Վան ծնած, յետագային Եգիպտոս` Ալեքսանդրիա, Պոր Սայիտի մէջ աշխատած մեծ մանկավարժի ծաւալած կրթական, բարեսիրական գործունէութեան, որուն մասին Սամուէլ Կարապետեան ներկայացուց հանգամանալից` առանձնակի շեշտադրելով անոր կազմակերպչական ջիղն ու մարդասէր էութիւնը: Հարիւրաւոր շրջանաւարտներ տուած Հ. Երամեան յայտնի է նաեւ Վանի մէջ հիմնած իր` «Երամեան» ուսումնարանով, «Յուշարձան Վան-վասպուրականի» աշխատութեամբ, ուր գրած է Վասպուրականի պատմութեան մասին, լուսաբանած 1915թ. Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրադարձութիւնները: Երամեան իր ողջ կեանքին մէջ սիրահարուած  մնացած է հարազատ ծննդավայրին եւ իր ընտրած` մանկավարժական աշխատանքին: Ան շատ  կարեւոր համարած է  ընթերցանութիւնը եւ այդ առիթով գրած. «Անյագ ընթերցասէր մը եղած էի…»: Անոր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ  միշտ եղած են որբ ու աղքատ մանուկները, անոնց կրթութեան հարցերը: Սամուէլ Կարապետեանի հեղինակութեամբ մանկավարժ-մտաւորական եւ գրող Համբարձում Երամեանին նուիրուած գիրքը մօտ ապագային կ’ըլլայ ընթերցողներու սեղաններուն: Մեծ Վանեցիի ազգասէր նուիրումը կրթութեան ու բարեսիրութեան հրաշալի դաս է բոլոր մանկավարժներուն համար:

 …ժամանակի մոռացութեան փոշով երբեք չեն կրնար պատուիլ մեծ արժէքները, ատոնք պարզապէս նորովի եւ առաւել ուսումնասիրուած են ներկայիս մեր ժողովուրդին: Համբարձում Երամեանին դեռ շատերը կ’անդրադառնան, կը սորվին անկէ, յետադարձ հայեացք կը  նետեն մեծ վանեցիի հիմնած կրթական մեթոտներուն եւ իսկական մանկավարժին ու հոգեբանին հարիր լայնախոհ, բարեսէր, ազգասէր էութեան անցած բազմաբեղուն ճանապարհին:

Կարինէ Աւագեան

«Հայերն այսօր»

18336548_1451591828227145_213250443_n

 

Scroll Up