ՀՀ Համալսարաններու Դասախօսական Անձակազմի Այցը Լիբանան
Ապրիլ 25-28 Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՀ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու փրոֆէսորա-դասախօսական անձակազմի այցը Լիբանան: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` մասնագէտներու այցին ընթացքին տեղի ունեցան չորս հանդիպումներ, որոնց ընթացքին անոնք հանդիպեցան 14 հայկական վարժարաններու ու քոլեջներու աշակերտներու, ուսուցչական կազմի եւ տնօրէններու հետ: Ընդհանուր առմամբ հանդիպումներուն մասնակցեցան 10-րդ, 11-րդ, 12-րդ դասարաններու թիւով 500-600 աշակերտներ: Այցելութեան նպատակն էր համապարփակ տեղեկատուութիւն տրամադրել լիբանանահայ աշակերտներուն եւ խրախուսել անոնց ուսանիլ ՀՀ համալսարաններուն մէջ:
Ապրիլ 25-ին, ժամը` 14:00-ին, Այնճար աւանին մէջ մասնագէտները հանդիպեցան Այնճարի Հայ առաքելական եւ հայ աւետարանական համայնքներու երկու վարժարաններու աշակերտներու հետ: Հանդիպումներուն մասնակցեցան շուրջ 100 համապատասխան դասարաններու աշակերտներ:
Ապրիլ 26-ին, ժամը` 11:00-ին, Լիբանանի Հայոց թեմի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ մասնագէտները հանդիպեցան առաքելական չորս ազգային վարժարաններու եւ Ազգային ճեմարանի, Սահակեան֊ Լեւոնեան, Դարուհի֊ Յովակիմեան վարժարաններու 250 աշակերտներու հետ:
Ապրիլ 27-ին, ժամը` 11:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն արուեստէն վարժարանին մէջ մասնագէտները հանդիպեցան Հայ կաթողիկէ երեք վարժարաններու շուրջ 150 աշակերտներու հետ:
Ապրիլ 27-ին, ժամը` 13:00-ին, Հայ աւետարանական Շամլեան քոլեջին մէջ մասնագէտները հանդիպեցան Հայ աւետարանական երկու վարժարաններու 80-90 աշակերտներու հետ:
Մասնագէտներու այցի ընթացքին հնարաւոր եղաւ իրականացնել ծրագիրի գլխաւոր նպատակը` ստեղծել անմիջական ու անձնական կապեր ՀՀ համալսարաններու փրոֆէսորա-դասախօսական կազմի ներկայացուցիչներու եւ Լիբանանի մէջ գործող վարժարաններու տնօրէններուն հետ, որ պէտք է այսույետ ըլլայ շարունակական եւ աւելի դիւրացնէ յետագայ համագործակցութիւնը: