Տողի Մելիքական Ապարանքին ՄԷջ Նոր Յայտնագործութիւններ Կ´ակնկալուին

«Տողի մելիքական ապարանք» պատմամշակութային արգելոցի տարածքին իրականացուած պեղումներու արդիւնքով վաւերացուած տապանաքարերու արձանագրութիւնները ամբողջութեամբ վերծանելու պարագային` հետաքրքիր փաստեր կրնանք ունենալ Արցախի, եւ մասնաւորապէս, Դիզակի մելիքութեան վերաբերեալ:

Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է ԱՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արման Գրիգորեան:

««Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի հնագիտական արշաւախումբի անդամներուն կողմէ մաքրման եւ պեղման աշխատանքներ  իրականացուած են արգելոցի տարածքին մէջ: Աշխատանքներ պիտի կատարուին տեղանքին մէջ գտնուող Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ դէպի հիւսիս տեղակայուած դամբարանադաշտին մէջ:

Պեղուած են 24 տապանաքարեր, որոնք թուագրուած են 17-18-րդ դարերուն: Անոնց զգալի մասը կը  պարունակեն արձանագրութիւններ: Կան որսի ու խնջոյքի տեսարաններ պատկերող տարբեր տապանաքարեր եւս»,- նշած է վարչութեան պետը եւ աւելցուցած, որ աշխատանքները շարունակելու պարագային նոր յայտնագործութիւններ կրնան ըլլալ, քանի որ, ըստ պատմական փաստերու, դամբարանադաշտին մէջ պէտք է ըլլան նաեւ մելիքներու տապանաքարեր:

 

 

Scroll Up