Սամցխէ-Ջաւախքի ՄԷջ Մեկնարկած Է Հայկական Դպրոցներու Տնօրէններու Եւ Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Ծրագիր

Ուսուցիչներու  մասնագիտական զարգացման ազգային կեդրոնը շուտով կը սկսի ուսուցիչներու եւ տնօրէններու մասնագիտական վերապատրաստման ծրագիրը: Տուեալ նորութեան մասին երէկ նահանգապետարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին տեղեկացուցած Ախալցխայի հայկական դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն:

Ինչպէս կը յայտնէ akhaltskha.net-ը, տնօրէններուն համար պիտի ստեղծուի առաջնորդներու ակադեմիա, որ բաղկացած պիտի ըլլայ երեք մասէ: Ծրագիրի աւարտին նախարարութեան աշխատակիցներուն կարծիքով տնօրէններն աւելի մասնագիտացուած  պիտի ըլլան:

Այժմ վրացական դպրոցներու ուսուցիչներու եւ տնօրէններու վերապատրաստման աշխատանքներ կ’ընթանան: Հայկական դպրոցներու ուսուցիչները այս ծրագիրին կը միանան 2017 թ.ի վերջը:

 

Scroll Up