Վարդան Կարապետեան` Կլենտէլի Նոր Քաղաքապետ

Մայիս 1-ին, Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդի անդամները քուէարկութեամբ միաձայն նոր քաղաքապետ ընտրեցին քաղաքային խորհուրդի ներկայիս անդամ Վարդան Կարապետեանը: Խօսելով յառաջիկայ գործունէութեան մասին` Կարապետեան նշեց, որ գործընկերներուն հետ միասին պիտի աշխատին քաղաքն առաւել բարեկեցիկ եւ ապահով  դարձնելու ուղղութեամբ, հետամուտ պիտի ըլլան ընթացիկ նախագիծերու իրականացման` յայտարարուած ժամկէտներու մէջ:

«Ասպարէզ»-ի հետ զրոյցին Կլենտէլի նոր քաղաքապետն ամփոփ անդրադարձաւ իր առաջնահերթ ծրագիրներուն. «Մեր քաղաքացիներուն ամենամեծ անհանգստութիւն պատճառող խնդիրներէն է բնակարաններու վարձերու բարձրացումը, որ յաճախ տեղի կ’ունենան տարուան ընթացքին  քանի մը անգամ` տանտիրոջ եւ վարձակալի միջեւ պայմանագիրի բացակայութեան պատճառով: Այս հարցը կարգաւորելու համար կը նախատեսեմ առաջարկել վարձերու կայունացման մասին նոր օրէնք, ըստ որուն` տանտէրը պարտաւոր կ’ըլլայ վարձը բարձրացնելու մասին տեղեկացնել չորս ամիս առաջ, եւ վարձակալի համաձայնութան պարագային` պարտադիր պայմանագիր կնքել մէկ տարուան ժամկէտով: Առաջնահերթ յաջորդ հարցը` բարձր աշխատավարձով նոր աշխատատեղերու ստեղծումն է: Այս նպատակով կը նախատեսուի գրաւիչ առաջարկներ ընել գործարարներուն` Կլենտէլի մէջ գործ ծաւալելու համար: Յառաջիկայ տարուան ընթացքին պիտի կառուցուի նաեւ 70 մատչելի բնակարան տարեցներու համար: Բնակելի շէնքերու հարեւանութեամբ ալ կը նախատեսեն կառուցել կայանատեղիներ²:

Վարդան Կարապետեան նաեւ տեղեկացուց, որ կ’աշխատի երկու հրշէջ մեքենայ Հայաստան ուղարկելու համար համապատասխան ֆինանսական միջոցներ հայթայթելու ուղղութեամբ:

 Յիշեցնենք, որ Կլենտէլի քաղաքապետ կ’ընտրուի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն կողմէ` մէկ տարի պաշտօնավարման ժամկէտով:

Մայիս 1-ին Կլենտէլի քաղաքապետարանին մէջ պաշտօնները ստանձնեցին քաղաքային խորհրդին մէջ  վերընտրուած Զարեհ Սինանեանն ու Արա Նաջարեանը, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ընտրուած Վրէժ Աղաջանեանը եւ Արդի Քասախեանը, որ կը շարունակէ գործունէութիւնը որպէս քաղաքապետարանի քարտուղար, եւ Րաֆֆի Մանուկեանը` որպէս գանձապահ:

Քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Կլենտէլի Համայնքային քոլեջի հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ ընտրուած անդամներ Արմինէ Յակոբեանի, Իւետ Վարդանեան-Տեւիսի, Էն Ռասֆորդի, ինչպէս նաեւ Կլենտէլի Միացեալ Կրթաշրջանի խորհրդին մէջ վերընտրուած Արմինա Կարապետեանի, Կրեկ Գրիգորեանի, եւ նոր ընտրուած` Շանթ Սահակեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը:

 

Scroll Up