Կ’ԱՊՐԻՆՔ Ձեռնարկ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին

Նուիրուած Հայկական ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան,  Կ’ԱՊՐԻՆՔ բառի  իւրաքանչիւր տառ մեծ ծաւալով զետեղուեցաւ Ապրիլ 24ին, Արմենիա փողոցին վրայ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին դիմաց, ուր կան նաեւ   մեր կրթական, մշակութային, ընկերային եւ մարզական հաստատութիւնները: Նպատակն էր    ցոյց տալ, որ ցեղասպանութեան ծրագիրը ձախողած էր:

Հայերն այսօր-ի փոխանցմամբ, այս պատգամը կ’երեւէր ամէն տեղ, թռուցիկներու, դրօշներու եւ որմազդերու վրայ, որոնք կը ցրուէին մասնկացողներուն:

1915 տարուան Ապրիլ 24ին կը սկսէր ծրագրուած ձեւով գործադրուիլ  բնաջնջումը  այն հայերուն, որոնք կ’ապրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ (ներկայ Թուրքիան): Այս հրէշային գաղափարին զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր եւ հարիւր հազարաւոր  հայերու տեղահանումը, եւ գրեթէ ամբողջական ոչնչացումը մեր մշակութային ժառանգութիւններուն:

Քսաներորդ  դարու ամենամեծ եւ սարսափելի ցեղասպանութենէն փոքրաթիւ վերապրողները կրեցին անապատի կիզիչ արեւուն տօթը, անօթութիւն, ծարաւ, առանց օթեւանի եւ միաժամանակ ենթարկուելով ամէն տեսակ բռնաբարութեանց:

Անոնք որոնք կրցան խոյս տալ այս ողբերգութենէն, -մեծագոյնը հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան, տարբեր երկիրներու մէջ ապաստան գտան, ինչպէս Արժանթին, որ եղաւ իրենց նոր հայրենիքը:

Ասիկա ողբերգական էջերէն մէկն է հայ ժողովուրդի պատմութեան, որ ունեցաւ նաեւ  փառքի եւ հերոսական օրեր, օրինակ Հայ Գիրերու Գիւտը եւ  Ե. դարուն հայ մատենագրութեան  ոսկեդարը:

 Ցեղասապնութենէն յետոյ, ուր որ գացին կամ  հաստատուեցան, այս ձեւով կազմելով  ներկայ սփիւռքը,  բաղկացած  7 միլիոն հայերէ, իրենց հետ տարին իրենց լեզուն եւ մշակոյթը, աւանդութիւնները եւ քրիստոնէական հաւատքը:

Կ’ապրինք- օգնութեան ճիչ մըն է, ազատուածի , նաեւ պատասխան  իրեն դէմ գործուած բարբարոսութեան, որ կ’ուզէր  ընդմիշտ լռեցնել  եւ ոչնչացնել հայ ժողովուրդը:

Կ’ապրինք- նաեւ վերահաստատումն է մեր ապրելու երկաթեայ եւ անխորտակելի կամքին: Ապրիլ, աճիլ, զարգանալ, կառուցել եւ ծաղկիլ:  Յանձնառութիւն մըն է կեանքին հանդէպ իր  բարիքներուն, որ մեզի առիթ կու տայ գոյութիւն ունենալու, գործելու, սորվելու եւ սորվեցնելու, յանձն առնել պատասխանատուութիւններ:

Կ’ապրինք-   կնքուած դաշինք մըն է բարոյական արժէքներու հետ, հանդուրժողականութեան, ընտրելու  եւ արտայայտուելու ազատութեան, եւ պատասխանատու ըլլալ ներկային եւ ապագային:

Կ’ապրինք- կեանքին նուիրուած երգ մըն է, որուն պէտք է միանան բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն ապրիլ հանդուրժողականութեան, խաղաղութեան եւ յարգանքի,  տարբեր գաղափարներու  եւ արդարութեան  մթնոլորտի  մէջ, եւ ամենակարեւորը աւելի լաւ աշխարհի մը յոյսով:

Կ’ապրինք- մեծարանք մըն է,  որ ի վիճակի ենք ընելու, նոյնիսկ ամենաաննպաստ պայմաններու մէջ, հաւատքի արարք մըն է, ոգեւորում եւ խանդավառութիւն  նոյնիսկ փոքր արարքներու իրագործութեամբ:

Կ’ապրինք- գրաւական մըն է ապագայի հաշւոյն, փափաք,  որպէսզի մեր ճամբան ըլլայ խաղաղութեան,  ներդաշնակութեան  եւ հանդուրժողութեան ուղի:

Կ’ապրինք – շնորհակալութեան արտայայտութիւն մըն է,  կտակ մըն է, յանձնառութիւն  մըն է եւ վրէժի զգացում մը, որ մեզի թոյլատրեց պատմութիւնը որպէսզի շարունակենք ցանել:

Կ’ապրինք- պատմութիւնն է, որ կը գրենք ամէն օր եւ վերահաստատումը մեր  յոյսին եւ մեր  ոյժին որ անսայթաք պիտի քալենք այս  անվերջանալի ճամբէն:

Յաւերժօրէն հպարտ ենք մեր ինքնութեամբ եւ այս ձեւով կը պատուենք կեանքը:

Հայ գիրերու  պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին

Արուեստագէտներ՝  Աբգարեան Կլատիս, Արթինեան Մարիանա, Աւագեան Ալեխանտրօ,

Քէշիշեան Ալիսիա, Քրպաշեան Միրթա, Մարկոսեան Պէաթրիս, Նազարեան Եսթեր

Փասոս, Մաթէոսեան Խուլիա, Թադէոսեան Րոզ,Եուսոսւֆեան Իզապէլ, Եուսէֆեան Նատին: Հովանաւորուած  Հայաստանի դեսպանատան կողմէ:

Ծրագիրի Գաղափարը յղացաւ

Տիանա Տէր  Կարապետեան

Ռ.Ա.Կ. – Թ.Մ.Միութիւն – Սարտարապատ

 

Scroll Up