Հայաստան-Սպանիա Դիւանագիտական Յարաբերութիւններուն Նուիրուած Քննարկում Սպանիոյ ՄԷջ
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ապրիլ 28-ին, ժամը` 20:00-ին, Պարսելոնայի «Հայ տան» (հասցէ` Carrer Enric Granados, 111, 3er 2a, Barcelona) տեղի կ’ունենայ Հայաստան-Սպանիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին նուիրուած հանդիպում-քննարկում` Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աւետ Ադոնցի մասնակցութեամբ: