«Կը Սպասենք, Որ Եւրոպան Քաջ Կեցուածք Ունենայ Զինք Պախարակող Թուրքիոյ Նկատմամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ բազմութեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Այս առիթով Սուրբ պատարագ մատուցեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Յաւարտ Ս. պատարագին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի  Ապրիլեան Սուրբ նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած աշխարհի առաջին յուշակոթողին դիմաց` բարձրացնելու հայու պահանջատէր ձայնը: Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական նախարարներ ու երեսփոխաններ, Լիբանանի հայկական երեք կուսակցութիւններ եւ  հայ թէ օտար տարբեր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Պահանջատէր ու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին հաւատարիմ հայորդիներուն ուղղելով իր խօսքը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ ընդգծեց ապրիլ 24-ին կարեւորութիւնը` ըսելով. «Հայ ժողովուրդին համար ամէն օր ապրիլ 24 է. այլ խօսքով` պահանջատիրութեան օր»: Նորին սրբութիւնը` խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին, իր պատգամին մէջ յիշեցուց 100-ամեակի Համազգային Հռչակագիրին կարեւորութիւնը` որպէս պահանջատիրական պայքարի ուխտի վերանորոգում:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց.-

Ա) «Եւրոպան միշտ ի նպաստ եղած է Հայ դատին, որովհետեւ ան մօտէն ծանօթ է հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ու բռնաբարուած իրաւունքներուն: Հետեւաբար, կը սպասենք, որ Եւրոպան զանազան առիթներով զինք պախարակող Թուրքիոյ նկատմամբ աւելի քաջ կեցուածք ունենայ:

Բ) «Ընդհանրապէս իսլամական ու յատկապէս արաբական երկիրներուն մէջ Թուրքիոյ հետզհետէ աճող ներկայութիւնը լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Միջին Արեւելքի մէջ, բնականաբար, նաեւ Հայ դատի գծով: Հետեւաբար, հարկ է շարունակել մեր աշխատանքները` արաբական ու իսլամական երկիրներու պատասխանատուներուն ուշադրութեան յանձնելով Թուրքիոյ հետապնդած փանթուրանական նպատակները:

Գ) «Անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն նկատմամբ համակրութիւն ցոյց տուող Թուրքիոյ մտաւորական շրջանակներուն հետ կապեր հաստատել, ինչպէս նաեւ իսլամացած հայերուն հետ գործակցութեան ուղիներ որոնել:

Դ) «Իրաւական մարզ  մուտքը, Ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր, կը նկատենք հրամայական: Այս ծիրին մէջ մասնագիտական մօտեցումով եկեղեցապատկան կալուածներու թղթածրարի պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կորսնցուցած ինչքերու նիւթական արժեւորումը համահայկական տարողութեամբ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Նաեւ աշխատանք պէտք է տարուի զանազան ենթայանձնախումբերու ճամբով մուտք գործելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն ներս»:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեց, որ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով լուրջ դժուարութիւններ յարուցած է Թուրքիան` հեռու պահելով փաստաբանները անհրաժեշտ աշխատանքներ կատարելէ, ինչպէս նաեւ իրաւական յանձնախումբի թուրք փաստաբաններէն մէկը բանտարկելով: «Հակառակ այս իրողութեան իրաւական գործընթացը պիտի շարունակենք», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Միաժամանակ ան յոյս յայտնեց, որ այժմ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի սեղանին վրայ գտնուող Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նկատմամբ Եւրոպան Պիղատոսեան մօտեցում չորդեգրէ:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութենէն 102 տարիներ ետք մեր պահանջատիրական երթը կը շարունակուի, պէ՛տք է շարունակուի առաւել հաւատքով ու վճռակամութեամբ»:

Scroll Up