ԱՄՆ Ուայոմինկ Նահանգը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ԱՄՆ Ուայոմինկ նահանգի նահանգապետ Մեթիւ Միտը նամակ մը յղած է Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբին, ուր յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին ու բարձր  գնահատած Ամերիկայի հայերու ջանքերը:

Անոր խօսքով` հայկական ու հրէական հոլոքստներու գազանութիւններն աննկարագրելի են, սակայն կարեւոր է յիշել, որ պատմութիւնը պէտք չէ կրկնէ: Ան ընդգծած է, որ մտովի պիտի ըլլայ անոնց հետ, որոնք ապրիլ 23-ին ներկայ պիտի ըլլան Կապիտոլիոնի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկներուն:

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի արեւմտեան թեւի նախագահը երախտագիտութիւն  յայտնած է նահանգապետին` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ու յիշելու անհրաժեշտութեան խօսքին համար:

 

 

Scroll Up