Լեհաստանի Մէջ Հայկական Համայնքի Ձեւաւորման 650-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ազգային Պատկերասրահին Մէջ

Ապրիլ 25-ին, ժամը` 18:30-ին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ կը բացուի  «ԼՈՒՈՎԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ»  խորագիրով ցուցահանդէսը` նուիրուած Լեհաստանի մէջ հայկական համայնքի ձեւաւորման 650-ամեակին:

Եւրոպայի ամենախոշոր եւ ազդեցիկ հայկական գաղթօճախներէն մէկը ձեւաւորուած է Լուովի մէջ` 13-14-րդ դարերուն, որ երկար ժամանակ եղած է լեհահայերու հոգեւոր ու վարչական կեդրոնը: Ցուցադրութիւնը պատրաստուած է Կրակովի մշակոյթի միջազգային կեդրոնին կողմէ: Այն կ´իրականացուի ՀՀ Լեհաստանի դեսպանութեան եւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին հետ համատեղ:

Ցուցադրութիւնը  պիտի շարունակուի մինչեւ մայիս 27:

 

Scroll Up