ՀՄԸՄ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Ապրիլ 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՄԸՄ պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ ատենապետ, համաՀՄԸՄական խաղերու կազմակերպչական յանձնախումբի անդամ, Երկիր Մետիա հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Դաւիթ Յակոբեան, համաՀՄԸՄական խաղերու կազմակերպչական յանձնախումբի անդամ Մհեր Պոյաճեան:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց համահայկական աւանդական կազմակերպութեան հայանպաստ, ազգանուէր 100-ամեայ գործունէութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ` յուլիս 20-29 իրականացուելիք մարզախաղերուն, որոնց պիտի մասնակցի 900-է աւելի մարզիկ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Քննարկուեցան համաՀՄԸՄական 10-րդ խաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՄԸՄ միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման, նախարարութեան ծրագիրներուն կառոյցի անդամներու մասնակցութիւնը, 2018թ. կառոյցի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին վերաբերող հարցեր:

 

 

 

Scroll Up