Պէյրութի «Զարթօնք» Օրաթերթի Անունով Մայրիի Ծառ Մարտակերտի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/141-300x225.jpg)
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի իրականացուցած ծրագիրով, ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացքին մասնակցելու համար Պէյրութ այցելեցին Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը, ուսուցիչներ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը։
Լիբանանահայ գաղութի իրենց ծանօթացման ծիրէն ներս, անոնք այլ հաստատութիւններու շարքին նաեւ այցելեցին լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագրատուները:
«Զարթօնք»՝ իբրեւ խորհրդանշական նուէր՝ արցախցի ուսուցչուհիներուն յանձնեց Լիբանանի մայրի ծառի տունկեր:
Ուրախութեամբ իմացանք, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը արցախցի զինուորներու հետ, մարտական խաչի երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր Վարդան Մինասեանի մահուան տարելիցի նուիրուած դպրոցական ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից զինուորի ձեռամբ «Զարթօնք»-ի անունով մայրիի ծառ տնկած են դպրոցի բակը: Հետաքրքրական էր իմանալ ծառը տնկող հայ զինուորին արտայայտութիւնը, որ ծառը տնկելու համար երբ բահ առաջարկուած է իրեն, ան մերժած է գործածել, ըսելով որ բարեկամութեան ծառը ափերով է, որ կը տնկուի հողին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է նաեւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, երգչուհի Շուշան Պետրոսեան: