Ախալցխայի ՄԷջ Տեղի Կ’ունենայ Ջահերով Երթ

Սիրելի հայրենակիցներ.

Ապրիլ 24-ին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը: Անսահման կարեւոր է, որ մեր ժողովուրդին համար այս բարդ ու նշանակալից օրը մենք բոլորս ըլլանք միասին:

Ապրիլ 23-ին, ժամը` 19:30-ին, Ախալցխայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն կը մեկնարկէ աւանդական դարձած Ջահերով երթը:

Ապրիլ 24-ին Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք Պատարագէն ետք տեղի պիտի ունենայ յիշատակի ու պահանջի երթ` դէպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքար-յուշակոթող:

 

Scroll Up