Յովհաննէս Չէքիջեանի 85-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներու Շարքը Մեկնարկած Է «Էրեբունի» Արգելոց-Թանգարանէն
Երեւանի օրրանին մէջ` «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանէն նոյեմբեր 26-ին մեկնարկած է մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիջեանի ծննդեան 85-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը:
Մեծանուն խմբավարի հետ հանդիպման առիթով արգելոց-թանգարանը իր յարկի ներքոյ հիւրընկալած է Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան պատասխանատուներուն եւ մասնագէտներուն, որոնք եկած էին իրենց սրտի խօսքը փոխանցելու վաստակաշատ գործիչին, մեծ մասնագէտին եւ առաքինի քաղաքացիին:
Այս մասին ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի մամլոյ ծառայութենէն, մեծարման ձեռնարկի բացման` արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան, մասնաւորապէս, ընդգծած է, որ եթէ արդէն մէկ տասնամեակ է, ինչ աշխարհը կատարողական վարպետութիւնները կը դիտարկէ որպէս ոչ նիւթական ժառանգութիւն եւ կոչ կ’ընէ ատոնք պահպանել ու փոխանցել ապագայ սերունդներուն, ապա Յովհաննէս Չէքիջեանն արդէն կէս դար շարունակ ստանձնած է այդ բարձր առաքելութիւնը`Հայաստանի Կապելլան հաստատապէս
տեղաւորելով մեր մշակոյթի ազգային գանձարանին մէջ:
Դաշնակահար Միքայէլ Գաբրիէլեանի կատարումներու ուղեկցութեամբ ներկաները դիտած են «Մեր ժամանակի հերոսը» խորագիրը կրող տեսաշարը` պատրաստուած արգելոց-թանգարանի եւ «Ֆոտոլուր» գործակալութեան գործընկերութեամբ: Այն ներկայացուցած է մայեսթրոյի լուսանկարներու ընտրանին` ներառելով նաեւ արխիւային լուսանկարներ Նեմրութի արխիւէն: Շատ լուսանկարներ անակնկալի
բերած են մայեսթրոյին, եւ ան փորձած է մեկնաբանել ներկաներուն համար:
Մայեսթրոյին ողջունած եւ բարեմաղթանքներ յղած են ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետ Ս. Գեղամեան, պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Ա. Աբրոյեան, ՀՀ ԳԱԱ Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Ա. Իսահակեան, արուեստի հիմնարկի փոխտնօրէն Ա. Ասատրեան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի փոխտնօրէն Գ. Սարգսեան, Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի տնօրէն Հ. Սիմոնեան, Հայաստանի երաժշտագիտական գրադարանի տնօրէն Գ. Նահատակեան, «Արուեստներու պատկերասրահ» հիմնադրամի նախագահ Մ. Շահինեան: Բոլոր ելոյթ ունեցողները նշած են, որ Յովհաննէս Չէքիջեանի աշխատանքի եւ նուիրումի շնորհիւ Հայաստանի
ակադեմիական երգչախումբը դարձած է միասնականութեան եւ կարգապահութեան օրինակ: Հայաստանի ակադեմիական երգչախումբէն ներկայ երգիչ- երգչուհիները կատարած են Երեւանի օրհներգը` «Էրեբունի-Երեւանը»` այն նուիրելով մայեսթրոյին, որ նաեւ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի է:
Ձեռնարկին կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն ուղղած իր շնորհակալական խօսքին մէջ հայ երգչախմբային արուեստի մեծանուն երախտաւորը, մասնաւորապէս ըսած է . «Շնորհակալ եմ Աստծուց, որ ինձ շնորհել է ունակութիւններ, որոնցով ես կարողացել եմ բարձրացնել իմ հայրենիքը: Ես հարուստ ու երջանիկ եմ` իմ հայրենիքին ծառայելով»:
http://armenpress.am