Ատրպէյճանական Զինուժը Դիպուկահար Հրացաններ Կիրառած է

Ապրիլ 19 լոյս 20-ին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 500 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` սահմանագծի հարաւային, արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է տարբեր տրամաչափի դիպուկահար հրացաններ :

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագծի վրայ՝ շարունակելով իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն:

Scroll Up