«Փնտրտուքներու Ճանապարհին»

Օրերս Մոսկուայի մէջ լոյս  տեսած է Արարատ Ղուկասեանի «Փնտրտուքներու ճանապարհին» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: Այն կ’ընդգրկէ հեղինակի աւելի քան 40 բանաստեղծութիւններ`  ստեղծագործութիւններու  փոքրիկ ծաղկաքաղ մը:

   1000 տպաքանակով լոյս տեսած ժողովածուն Ա. Ղուկասեանի առաջին գիրքն է, որ տպագրուած է Մոսկուայի «Ջաւախք» միութեան ներկայացուցիչ Մարտիկ Գասպարեանի անմիջական հովանաւորութեամբ:
«Փնտրտուքներու ճանապարհին» ժողովածուն ծնունդ  առած է բանաստեղծի մտերիմ ընկեր, գրող, լրագրող եւ բժիշկ Ալեքսանդր Սօսնովսկիի բարեկամական յորդորներու արդիւնքով:
Մասնագիտութեամբ պատմաբան Արարատ Ղուկասեան ներկայիս կը բնակի Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ, ուր շուրջ 10 տարի առաջ հիմնադրած է «Արարատ» հայկական միութիւնը, կիրակնօրեայ հայկական դպրոց եւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթը: Անոր ջանքերով զետեղուեցաւ Սպանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշակոթողը`  Ջիւան Միրզոյեանի «Կենաց խաչ»-ը:  Ի դէպ, վերջինս  գիրքի նկարներու հեղինակն է:
Յառաջիկային «Փնտրտուքներու ճանապարհին» գիրքի շնորհանդէսներ տեղի պիտի ունենան Մոսկուայի, Սպանիայի եւ Հայաստանի մէջ:

«Արարատ» միութիւն, Վալենսիա

Scroll Up