Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչում՝ Րոտ Այլընտի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/pvd2-300x225.jpg)
Ապրիլ 13-ը եղաւ պատմական օր մը Րոտ Այլընտի հայութեան համար: Արդարեւ, յատուկ բանաձեւով մը, տեղւոյն խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ նաեւ, նահանգը ճանչցաւ հրեաներու ողջակիզումը:
Այս երկու բանաձեւերը արդիւնքն էին ներկայացուցիչներ Քաթըրին Գազարեանի եւ Աարոն Ռուկընպըրկի հետեւողական աշխատանքներուն:
Խորհրդարանի խօսնակ Նիքըլաս Մաթիէլօ յայտնեց թէ այս բանաձեւերը միաձայնութեամբ ընդունուած են:
Այս հանդիսութեան ներկայ էին Սուրբ Սահակ–Մեսրոպ եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիներու հովիւներ՝ Շնորք Սուին եւ Գաբրիէլ Նազարեան: Ներկայ էր նաեւ Րոտ Այլընտի Հայ Դատի պատասխանատու Անի Հարոյեան:
Եռագոյն դրօշակի ծածանման հանդիսութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն մասնակցութեամբ:
Այս մասին կը յայտնէ Հայրենիք: