Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկ Սան Փեթերսպուրկի Հայեցի Դաստիարակութեան Կեդրոնին ՄԷջ

Ապրիլ 9-ին Սան Փեթերսպուրկի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կից գործող Լազարեաններու անուան հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնի նախադպրոցական դասարանը` Սուսաննա Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ, կազմակերպած էր «Փոքրիկ հայկազուններ` հայրենիքի եւ մայրիկներու վաղուան պաշտպաններ» խորագիրով ձեռնարկ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Նազիկ Գաբրիէլեան, ձեռնարկը նուիրուած էր մայրիկներուն` Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առթիւ: Այն սկսաւ հայրենիքին նուիրուած բանաստեղծութիւններով եւ երգերով, որոնք կը հնչէին մեծ ոգեւորութեամբ: Երեխաներն իրենց բնորոշ անմիջականութեամբ կատարեցին հայրենասիրական երգերը:
Ձեռնարկին ընթացքին փոքրիկ հայկազունները միաժամանակ իրենց ելոյթով յարգանքի տուրք մատուցեցին մէկ տարի առաջ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակին: Իսկ ձեռնարկին աւարտին մայրիկներուն նուիրեցին քաղցրահնչուն քառատողեր եւ երգեր: