Ֆրանսայի Մէջ Ապրիլ 24-ի Յիշատակի Ձեռնարկին Նախատեսուած է Ֆրանսուա Օլանտի Ելոյթը

Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին օրը` Ապրիլ 24-ին, Ֆրանսայի մէջ կայանալիք յիշատակի ձեռնարկին նախատեսուած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի մասնակցութիւնը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան:
«Ապրիլ 24-ի յիշատակի հիմնական ձեռնարկը պիտի իրականացուի Կոմիտասի կիսանդրիին մօտ: Ձեռնարկին պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ: Նախատեսուած է Ֆրանսայի նախագահի ելոյթը: Ատիկա պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկին անոր վերջին խօսքը իբրեւ Ֆրանսայի նախագահ»,- կը նշէ Յարութ Մարտիրոսեան:
Ան կը յայտնէ, որ հրաւիրուած են նաեւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուները: Ըստ Մարտիրոսեանի՝ եթէ անոնք ցանկութիւն յայտնեն, նոյնպէս ելոյթ կրնան ունենալ:
Ոգեկոչման ձեռնարկներուն ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ երթ, սակայն ատիկա տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 22-ին: Ապրիլ 23-ին Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջին փուլն է, այդ օրը հայ համայնքը ձեռնարկներ չէ նախատեսած: