ԼԵՄ-ականներ Թրքական Արտադրութիւններուն Դէմ Թռուցիկներ Կը Ցրուեն «Պիել»-ի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/04/ARF-LEM_4717.jpg)
Երէկ` ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ուտեստեղէնի ցուցահանդէս մը, կազմակերպութեամբ «Օրեքա» ընկերութեան. ցուցահանդէսին կը մասնակցէին նաեւ թրքական քանի մը ընկերութիւններ:
Այս առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-էն խումբ մը երիտասարդներ «Պիել»-ի հիմնական 3 դահլիճներուն մէջ գտնուող ներկաներուն ցրուեցին թռուցիկներ, որոնց մէջ նշուած էր, թէ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը ունի երկու երես` զինուորական եւ տնտեսական, որ կը նպատակադրէ շրջանի պետութիւններու տկարացումը, քաղաքակրթութիւններու ոչնչացումը, ազգերու ցեղասպանութիւնը եւ ժողովուրդներու բարիքներու գրաւումը: Ուստի, կոչ կ՛ուղղուէր Լիբանանի քաղաքացիներուն մերժելու թրքական արտադրութիւնները եւ փոխարէնը քաջալերելու լիբանանեանները:
ԼԵՄ-ականներու ցուցական քայլը ընթացաւ խաղաղ ձեւով:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: