«Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» Շարժման Ծիրէն Ներս Արցախցի Մանկավարժները Այցելեցին «Զարթօնք»ի Խմբագրատուն

Ապրիլ 7-ի երեկոյեան «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ իրականացնելիք ծրագիրով Պէյրութ գտնուող Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը եւ դպրոցի ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու ներառման գործընթացի պատասխանատու ուսուցչուհիներ՝ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը: Յարգելի հիւրերուն կ’ընկերակցէր Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը:

Արդէն լիբանանահայութեան ծանօթ է, որ 3 տարիէ ի վեր Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին մէջ ընթացք առած է ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքը: Այս ծիրէն ներս պէտք եղած հմտութիւնն ու փորձառութիւնը ձեռք ձգելէ ետք, անոնք ուզած են բաժնել զայն նոյն դաշտին մէջ աշխատող արցախցի մասնագէտ պաշտօնակիցներուն հետ՝ անոնց ուղղախօսական (speech therapy), հոգեշարժական (psychomotor therapy), հոգեբանական եւ խորհրդատուական բնագաւառներու մէջ ձեռք բերուած իրենց փորձառութիւնը փոխանցելու:

Արցախցի մանկավարժները լաւապէս տպաւորուած իրենց կարճ, սակայն օգտաշատ այցելութեամբ՝ դրուատիքով խօսեցան այս ծիրէն ներս Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ ի գործ դրուած աշխատանքին մասին: Անոնք գոհ էին, որ առիթը պիտի ունենան, նոր փորձառութեամբ եւ աւելի եւս հարստացած ներառական ուսման յատուկ գիտելիքներով, ծառայելու իրենց Արցախի սիրելի աշակերտներուն:

Տիկ. Քարդումեան իրեն յատուկ անմիջականութեամբ եւ մղումով յայտնեց, որ Հայ ժողովուրդի համար իւրաքանչիւր փոքրիկ աւելի քան կարեւոր է: Հետեւաբար իւրաքանչիւրին պէտքերուն հասնիլը, ոչ միայն մարդկային պարտականութիւն է, այլ՝ ազգային գերագոյն ռազմավարութիւն:

Արցախցի մանկավարժները, գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհիին մեծապէս տպաւորուած էին լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեամբ եւ հայկականութեամբ լեցուն ոգիով: Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին լիբանանահայութեան հետ մօտէն ծանօթացած ըլլալու այս այցելութեամբ ստեղծուած առիթին համար:

«Խմբ.»

Scroll Up