Օդեսայի ՄԷջ Յարգեցին Ապրիլեան Քառօրեային Զոհուածներուն Անթառամ Յիշատակը

՜Օ, գարնան ամիս, ապրելու՜ ապրիլ,
Դու, որ բերում ես ծաղիկներ ու կեանք,
Ինչու՞ դու դարձար մահուան տարելից…
Սիլվա Կապուտիկեան

Ցաւօք, Ամենայն Հայոց բանաստեղծուհիին այս տողերը մեր օրերուն նոր հնչեղութիւն, նոր թարմութիւն ստացան…
Ապրիլ 2-ին Օդեսայի Կակարինեան բարձունքին վրայ վեր յառնած հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Գալստեան Կիրակին նուիրուած Սուրբ պատարագի աւարտէն յետոյ, ձեռամբ Տէր Աբգար քահանայ Գըլըճեանի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ` ի յիշատակ ապրիլեան քառօրեայ մարտերուն զոհուած հայորդաց:
Խօսելով մեր ժողովուրդի քաջագործ որդիներու անձնազոհութեան մասին, որոնք արդէն մէկ տարի է, որ զրկուած են կեանքի քաղցրութիւնը վայելելու, իսկ անոնց ծնողները, հարազատները` հանգիստ ապրելու բերկրանքէն, քահանան նաեւ միասնականութեան ու գթասրտութեան կոչ ըրաւ, քանզի միայն հայ մարդը կը զգայ հայու ցաւն ու մորմոքը.
«Շնորհիւ անոնց սխրագործութեան թշնամին չկրցաւ իրագործել իր չարագործ ծրագիրները եւ արժանի հակահարուած ստացաւ… Ամենակարող Աստուած թո՛ղ լուսաւորէ զոհուածներու հոգիները, իսկ մենք պարտաւոր ենք աղօթելու անոնց հոգիներու հանգստութեան համար եւ սատարել անոնց ընտանիքները :
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, հաւատաւո՛ր հայորդիներ, աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած, որ օրհնէ մեր Հայրենիքը եւ խաղաղ ու ապահով պահպանէ մեր ժողովուրդը` ի սփիւռս աշխարհի: Թո՛ղ խաղաղութեան Աստուածը ըլլայ զօրավիգ աշխարհի բոլո՛ր ժողովուրդներուն»:
Ապրիլեան զոհերու յիշատակի օրը շարունակուեցաւ մշակոյթի տան մեծ սրահին մէջ:
Տէրունական աղօթքէն ետք  ներկաները յոտնկայս` մէկ վայրկեան լռութեամբ  յարգեցին մարտերուն մէջ զոհուածներու սուրբ յիշատակը: Խոնարհումի ու երախտիքի սիրալիր խօսքերով հանդէս եկան համայնքի նախագահ Սամուէլ Տիգրանեան եւ կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Էլեն Պօղոսեան:
Այնուհետեւ ռազմահայրենասիրական երգի հնչիւններու ներքոյ բեմ բարձրացան Սուրբ Մաշտոցի անունը կրող դպրոցի սաները` փոքրիկ մաշտոցականները: Դպրոցին մէջ իրականացուած էր «Նամակ զինուորին» խորագիրով մրցոյթ, եւ լաւագոյն աշխատանքները վարժ ու գեղեցիկ հայերէնով ընթերցուեցան հեղինակներուն կողմէ: Նամակներուն մէջ արտացոլուած էր երեխաներու սէրն ու համակրանքը սահմանին վրայ կանգնած զինուորին հանդէպ. «Թո՛ղ Աստուած պահէ ու պահպանէ հայ զինուորները, որոնք գիշերուզօր աչալուրջ կը պաշտպանեն մեզ ու մեր հայրենիքի սահմանները»:
Դահլիճին մէջ խայտացին «Փոքրիկ զինուորիկ» երգի խրոխտ հնչիւնները.

Ունինք պարզ երկինք` արեւոտ ու ջինջ,
թող օրը գալիք բերի մեզ բարիք:
Զինուորիկ ենք մենք պատրաստ ու խիզախ,
Քաջ ենք, քաջ ենք ու անվախ:

Օդեսահայ երիտասարդներու «Արմիր» միութիւնը, յանձինս նախագահ Ազգանոյշ Վարդանեանի` կազմակերպած էր «Նուիրեալները» փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրումը:  Ֆիլմի դիտումէն ետք քննարկուեցաւ, որ հեղինակները յաջողած են վերծանել ճշմարտութիւնը. կան ազգային յատկանիշներ, որոնք սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին արեան աւիշներով` հող ու ջուրի կանչով:

Ձեռնարկի իւրօրինակ   ամփոփումը եղաւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ Ալեքսանտր Մկրտչեանի խօսքը․ «Հպարտութեամբ ըսեմ` ապրիլեան քառօրեան ցոյց տուաւ, թէ ինչքան ուժեղ ենք մենք, երբ համախմբուած ենք: Ապրիլը մեզի յիշեցուց միասնականութեան խորհուրդը, որ ըլլանք միահամուռ ու ամուր»:

Ինքս աւելցնեմ` յանուն հայրենեաց ինկան մեր ժողովուրդի հերոս զաւակները` դառնալով սերունդներուն հայրենասիրութեան անշէջ ու վառ օրինակ: Անոնց անունները յա՜ր կը մնան հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, անոնց յիշատակը` բարի: Անոնց անմահ ոգիները պիտի  յարատեւեն հերոսներ ծնող մայր ժողովուրդին հետ, քանզի քաջին մա՛ հ չկայ:
Յաւերժ փա՜ռք հայոց քաջերուն:

Նարինէ Մուրադեան

ք.Օդեսա, «Հայերն այսօր»-ի արտահաստիքային թղթակից

 

%d6%85%d5%a4%d5%a5%d5%bd%d5%a15%d6%85%d5%a4%d5%a5%d5%bd%d5%a14%d6%85%d5%a4%d5%a5%d5%bd%d5%a13%d6%85%d5%a4%d5%a5%d5%bd%d5%a12%d6%85%d5%a4%d5%a5%d5%bd%d5%a11

Scroll Up