Արցախցի Պլը Պուղին Եւ Գիւմրեցի Պոլոզ Մուկուչը Կը Վերակենդանան Նոր Անիմացիոն Ֆիլմաշարով
ՓԻԱՐ-ի Զարգացման Հայկական կենդրոնը հանդէս պիտի գայ նոր նախագիծով, որուն ծիրէն ներս կը նախատեսուի պատրաստել կարճամեթրաժ մանկական ֆիլմաշար նշանաւոր հայ զուարճախօս-կատակաբաններ Պըլը Պուղի եւ Պոլոզ Մուկուչի մասին: Անոնք եղած են իրենց ժամանակի ամենավառ անհատականութիւններէն, որոնք համարձակած են ճշմարտութիւնը երբեմն կատակի, երբեմն ալ սուրխօսքի միջոցով հասցնել ամենատարբեր մեծամեծներուն: Արեւելքի մէջ այս կերպարներուն համարժէք է նշանաւոր Խօճա Նասրեդին, որուն մասին արդէն նկարահանուած են բազմաթիւ ֆիլմեր եւ մուլտֆիլմեր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՓԻԱՐ-ի Զարգացման Հայկական կեդրոնի հանրային կապերու բաժինէն:
Այսօր` ե՛ւ մշակութային, ե՛ւ կրթական իմաստով չափազանց մեծ է մեր սրամիտ առակախօսներուն լաւագոյնս հանրութեան ներկայացնելու կարեւորութիւնը: ՓԻԱՐ-ի Զարգացման Հայկական կեդրոնին կողմէ արդէն մշակուած է այս կերպարներէն մեր օրեր հասած անգին ժառանգութիւնը, պատրաստ են թեմաները եւ ֆիլմաշարի ողջ հայեցակարգը: Նախագիծը հաւանութեան արժանացած է շարք մը կազմակերպութիւններու կողմէ, արդէն կայ որոշակի աջակցութիւն սփիւռքէն: Ֆիլմաշարը բացի հայերէն տարբերակէն պիտի ունենայ նաեւ անգլերէն, ռուսերէն եւ արաբերէն թարգմանութիւններ: Շուտով համապատասխան առաջարկը կը ներակայացուի նաեւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ այլ շահագրգիռ կառոյցներու: ՓԻԱՐ-ի Զարգացման Հայկական կեդրոնը պատրաստ է համագործակցելու նախագիծին կեանքի կոչմամբ հետաքրքրուած անձանց եւ կազմակերպութիւններուն հետ: